«Նահատակուած Բանակայիններուն Արեամբ Կարելի Եղաւ Պահպանել Լիբանանը, Իսկ Անյայտ Կորսուած Զինուորներուն Ճակատագիրին Բացայայտումը Առաջնահերթութիւն Է» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

Զօր. Քահուաժի կ՛ընդունի նահատակներուն հարազատները

Զօր. Քահուաժի կ՛ընդունի նահատակներուն հարազատները

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Արսալի մէջ նահատակուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ անյայտ կորսուած զինուորներուն ճակատագիրին բացայայտումը իրենց համար առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ նահատակուած բանակայիններուն թափած արեամբ է, որ կարելի եղաւ պահպանել Լիբանանը եւ անոր միասնականութիւնը` վերջ տալով սադրանքներուն եւ անոնց տարածումին:

Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատը, որ բանակի հրամանատարին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Եարզէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, որ զօր. Քահուաժիի հետ քննարկեց երկու երկիրներուն բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան հեռանկարները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )