Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կրթութեան Նախարարը Պատասխանատու Կը Նկատէ Վկայագիրներու Յանձնումին

Էլիաս Ապու Սաապ
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ երեկոյեան գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց պետական քննութեան ներկայացած աշակերտներուն վկայագիրներ յանձնելու կրթութեան նախարարին որոշումը, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու իրաւունքներուն` աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումին վերաբերող արգելակումները:
Խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ կը ստանձնէ պրէօվէի եւ պաքալորէայի աշակերտներուն վկայագիրներ տալու պատասխանատուութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ կառավարութիւնը` նախարարին ապահոված իր հովանաւորութեան համար:
Խորհուրդը շեշտեց, որ ինք կառչած պիտի մնայ պետական քննութեան վկայականին եւ իր իրաւունքներուն` աւելցնելով, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին պայքարը պիտի շարունակուի` ընդդէմ քաղաքական այն անձնաւորութիւններուն, որոնք մերժեցին ուսուցիչներուն իրաւունքը վաւերացնել:
Խորհուրդը ընդհանուր գործադուլ յայտարարեց վաղը` հինգշաբթի, 21 օգոստոս 2014-ին` աւելցնելով, որ գործադուլին կողքին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, պիտի կատարէ նաեւ նստացոյց մը` տնտեսութեան նախարարութեան դիմաց:
Խորհուրդը հաստատեց, որ 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանը իր սովորական ընթացքով պիտի շարունակուի 1 սեպտեմբեր 2014-էն սկսեալ:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կը սերտէ նաեւ դատական հարց յարուցելու կարելիութիւնը` կասեցնելու համար վկայագիրներուն վաւերացումը:
Կրթական Հարցերու Խորհրդարանական
Յանձնախումբի Նիստ
Կրթական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ առաւօտեան խորհրդարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի եւ ներկայութեամբ նախարար Ապու Սաապի:
Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ վկայագիրներուն վաւերացումը եւ օրինականացումը, որուն հիման վրայ աշակերտները պիտի ստանան պետական քննութեան իրենց վկայականները:
Յանձնախումբը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը քննարկուի խորհրդարանի օրէնսդրական առաջին նիստին ընթացքին:
Նիստէն ետք կրթութեան նախարարը հաստատեց, որ վկայագիրները օրինական են, եւ կոչ ուղղեց Լիբանանեան համալսարանի նախագահին համալսարանի բոլոր հիմնարկներուն եւ բաժանմունքներուն պարագային մուտքի քննութիւններ կատարելու:
Ապու Սաապ շեշտեց, որ վկայագիրներու որոշումը վերջնական է եւ այդ որոշումը յետս կոչելու ոչ մէկ խնդիր կայ:

