ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՈՒԺԻ ՄԷՋ ՊԱՀԵՑ ՑԵՂԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը երկրի մայր օրէնքին համապատասխան նկատած է եւ ուժի մէջ ձգած 1934-ին որդեգրուած օրէնքը, ըստ որուն, Թուրքիոյ քաղաքացիները իրաւունք չունին օտար մականուններ կրելու: «Ֆըրաթ» կը նշէ, որ «ցեղապաշտական» օրէնքը հայերուն, քիւրտերուն, ասորիներուն, չերքեզներուն եւ հրեաներուն կ՛արգիլէ իրենց ազգային մականունները կրել:

Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ազգութեամբ ասորի Ֆաւլուս Այը իր անունն ու մականունը փոխելու եւ Փաուլուս Պարթումա դարձնելու համար դիմում մը ներկայացուցած էր Միտիաթի դատարան, սակայն դատարանը` հիմնուելով 1934-ի մականուններու մասին օրէնքին վրայ, որուն համաձայն օտար ծագում ունեցող մականուններ կրելը կ՛արգիլուի, մերժած էր Այըն վերածել ասորական Պարթումա մականունին:

Ֆաւլուս Այը Միտիաթի դատարանէն պահանջած էր տրուած վճիռը չեղեալ յայտարարելու համար դիմել Սահմանադրական դատարան: Իր դիմումին մէջ ասորի քաղաքացին նշած էր, որ 1934-էն ի վեր գործող մականուններու մասին օրէնքը կը խոչընդոտէ թրքական ծագում չունեցող մականուններ կրելը, ինչ որ ազգային խտրականութիւն է: Այը ուշադրութիւն հրաւիրելով սահմանադրութեամբ ամրագրուած հաւասարութեան մասին սկզբունքին ընդգծած էր, որ թրքերէնի եւ թրքական արմատ ունեցող մականուններու նկատմամբ արտօնեալ վերաբերմունքը բացայայտօրէն կը հակասէ հաւասարութեան սկզբունքին:

9 անձերէ բաղկացած Սահմանադրական դատարանի բոլոր անդամները դէմ քուէարկած են Ֆաւլու Այըի` Միտիաթի դատարանի որոշումը չեղեալ յայտարարելու խնդրանքին:

 

Share this Article
CATEGORIES