«ԱՍԱՏ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԿԵՐՊՈՎ ԱՌԻԹՆԵՐ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԵՒ ԻՐ ՕՐԻՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ՕՊԱՄԱ

Նախագահ Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Սի. Պի. Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` ակնարկելով Դամասկոսի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումին, զգուշացուց Սուրիան` յայտնելով, որ «ոչ ոքի կ՛արտօնենք մեր դեսպանատան դէմ ոտնձգութիւն կատարել»:

Օպամա նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իրերայաջորդ կերպով բարեփոխումներ կատարելու առիթներ կորսնցուց եւ «յաչս իր ժողովուրդին իր օրինականութիւնը կը կորսնցնէ»: Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն յղած է յստակ պատգամ մը` «ոչ ոքի արտօնուած է մեր դեսպանատան դէմ ոտնձգութիւն կատարել, եւ մենք մեր դեսպանատունը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրենք, եւ կը կարծեմ, որ անոնք պատգամը յստակ կերպով հասկցան»:

Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ ալճերիական «Խապար» օրաթերթին հետ ունեցած հակիրճ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ որեւէ երկիր նախագահ Ասատի հեռացումը պահանջելու եւ զայն օրինականութենէ զրկելու իրաւունք չունի: Ան աւելցուց, որ «սուրիացիները միայն այդ մէկը կ՛որոշեն, իսկ անոնք Ասատի հետ են, որովհետեւ զինք իրենք ընտրած են»: Շարեհ նաեւ նշեց, որ խորհրդակցական առաջին հանդիպումին աւարտէն ետք Սուրիոյ մէջ ազգային երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժերար Լոնկէ յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ դէմ տրուելիք որոշումին արգելակումը «անվայել» է: «Ռուսիան եւ Չինաստանը պէտք է համոզել, որ որոշումին ընդդիմանալը անվայել է», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Այս առումով` Ռուսիոյ եւ Չինաստանի նման երկիրներ պէտք է ընդհանրական օրէնքներու հիմամբ գործեն, իսկ կառավարութիւնները իրաւունք չունին ընդդիմութեան դէմ հրետանիով կրակ բանալու»:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ «սուրիական տագնապին զինուորական լուծումի հաւանականութիւնը քիչ է, որովհետեւ այս պարագային կացութիւնը քաղաքացիական պատերազմի մտայնութեամբ լարուած է»: «Կը պահանջենք դրացի այն երկիրներէն, որոնք Սուրիոյ վրայ տնտեսական եւ բարոյական ազդեցութիւն ունին, եւ նախ եւ առաջ նկատի ունիմ Թուրքիան, որ իրենց դրացիին վրայ ճնշում բանեցնելով կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնեն», ըսաւ Լոնկէ:

Եւրոպական դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները տուն կանչելու շուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռուսիոյ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Մոսկուա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու անոր համակիր ուժերը մեկուսացնելուն դէմ է, եւ հակառակ իր գործած բազմաթիւ սխալներուն, Ասատ բարեփոխումներ կատարելու կամք կը ցուցաբերէ, երկու առիթով համաներում յայտարարեց եւ երկրին մէջ ազգային երկխօսութեան հոլովոյթին նախաձեռնեց»:

Լաւրով միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` Ասատի հետ երկխօսութիւն կատարելու կարելիութիւնը չմերժելու, որպէսզի չկրկնուի լիպիական դիպաշարը, որ ի վնաս սուրիացի ժողովուրդին է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց Սուրիոյ մէջ սկսած ազգային երկխօսութիւնը` յայտնելով, որ սուրիացիները կրնան առանց արտաքին միջամտութեան եւ խաղաղ ճամբով փոխհամաձայնեցուած որոշումներ որդեգրել:

Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումին ընթացքին Արապի յայտնած է, որ Արաբական լիկան բացարձակապէս կը մերժէ սուրիական ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութեան փորձերը եւ զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ մէջ կիրարկուող համապարփակ բարեփոխումներուն` յոյս յայտնելով, որ Սուրիա տագնապէն աւելի հզօր դուրս գայ:

Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Արապի լրագրողներուն յայտնեց, որ ինք ուրախ է, որ Ասատ նոր հանգրուան մուտք գործած է: «Սուրիա ներկայիս իսկական բարեփոխումի ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, եւ ասիկա շատ կարեւոր հարց է», ըսաւ ան:

Պատասխանելով կարգ մը երկիրներու` արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտելու մասին հարցումի մը, Արապի ըսաւ, որ Արաբական լիկան չ՛ընդունիր արաբական երկիրներու որեւէ ներքին հարցին արտաքին միջամտութիւնը, ինչպէս նաեւ լիկան չի միջամտեր ներքին հարցերուն: Ան նշեց, որ երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտելը ՄԱԿ-ի ուխտին հիմամբ արգիլուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES