Դաւիթ Բաբայեան. «Արցախի Հանրապետութիւնը Պատրաստ Է Օգնելու Եզիտի Ժողովուրդին»

Դաւիթ Բաբայեան

Դաւիթ Բաբայեան

Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է իր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ  օգնելու եզիտի գաղթականներուն: Այս մասին  հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է  Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան` նշելով, որ նախ եւ առաջ քաղաքական գնահատական պէտք է տալ տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւններուն:

«Հայ ժողովուրդը չի կրնար անտարբեր մնալ այն բոլոր երեւոյթներուն նկատմամբ, որոնք ներկայ դրութեամբ կը կատարուին եզիտի ժողովուրդին  հետ: Եզիտի ժողովուրդը միակ ժողովուրդն է, որ դարձած է մեր ժողովուրդին անբաժան մասը. թէեւ ըլլալով այլ ազգ, ունենալով այլ դաւանանք, բայց դարձած է հայութեան մէկ մասը: Բախտակից ազգ ենք մենք եւ հարիւրամեակներ շարունակ միասին պայքարած ենք ընդհանուր թշնամիներու դէմ, եւ մեր ճակատագիրը միասնական դարձած է, անոր համար ալ, ինչ որ կը կատարուի եզիտիներուն  հետ, կը կատարուի նաեւ հայութեան հետ, ես այսպէս կը գնահատեմ, որովհետեւ մենք չենք կրնար տարանջատել մեր ճակատագիրները: Ուրեմն, Իրաքի մէջ կը կատարուի նաեւ եզիտիներու ցեղասպանութիւն, եւ նկատի առնելով այդ ժողովուրդին մեզի այդքան մօտիկ ըլլալը, ատիկա կարելի է նկատել հայոց ցեղասպանութիւն, նոյն երեւոյթն է: Կը դատապարտենք եզիտի ժողովուրդին դէմ իրականացուող արարքները: Միջազգային հանրութեան եւ բոլոր պետութիւններուն, որոնք լծակներ ունին այնտեղ, կոչ կ՛ուղղենք օգնելու եզիտի ժողովուրդին», ընդգծեց Բաբայեան:

Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով, այս պահուն տակաւին ոչ եզիտի օգնութիւն հայցած է Արցախէն: «Բայց եթէ դիմէ, մեր ուժերուն  ներածին չափով կը փորձենք օգնել: Ասիկա մեր պարտքն է ե՛ւ  իբրեւ մարդասիրական պետութիւն, ե՛ւ իբրեւ եղբայրական ազգ: Մենք ոչ թէ կոչ կ՛ուղղենք եզիտիներուն լքելու  իրենց պատմական հայրենիքը, այլ կ՛ըսենք` մենք ձեզի հետ ենք ե՛ւ բարոյապէս, ե՛ւ ամէն ձեւով, եւ եթէ որեւէ մէկը Արցախ գալու ցանկութիւն յայտնէ կամ Արցախէն որեւէ աջակցութեան կարիք ունենայ, մենք պատրաստ ենք», յայտարարած է Դաւիթ Բաբայեան:

Ինչ կը վերաբերի նման ցանկութեան պարագային  սահմանը անցնելու  հարցին, ըստ Դաւիթ Բաբայեանի, եթէ գալու ցանկութիւն յայտնեն, պէտք է գան Հայաստանի միջոցով, եւ սահմանի հատման հարցը թեքնիք հարց է:

«Չենք ուզեր  հիմա ոսկեայ սարեր խոստանալ, ատիկա  ճիշդ չէ, բայց կը փորձենք օգնել այնքանով, որքանով կը կարենանք», ըսած է Դաւիթ Բաբայեան` եզրափակելով. «Կարեւորը այն է, որ մենք կը բաժնենք իրենց  բոլոր զգացումները»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (2)
  • Վահան Վանական 9 years

    Ուրեմն յստակ է՝
    Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութեանց եւ ժողովուրդին պատրաստակամութիւնը՝
    -Նիւթական Օգնութիւն ցոյց տալու Իրաքի Եզիտի գաղթականներուն՝
    -Եւ ընդունիլ իրենց հաստատուիլը Հայաստանի թէ Արցախի մէջ, կարելիութեանց չափով.

    Մենք՝ հայերս առաջինն ենք որ կզգանք եւ կապրինք Եզիտի ժողովուրդին տառապանքը.
    Եւ մենք հայերս առաջին գիծի վրայ կը պայքարինք Ցեղասպանութեանց դէմ 100 տարիէ ի վեր.

    Եզիտիներուն արցունքը եթէ չենք կրնար չորցնել ամբողջովին,
    Բայց պատրստ ըլլանք նուազեցնելու իրնց տառապանքը.
    Եւ այս կրնաք առաւելագոյն չափով.

    Վահան Վանական

  • հարքելի պարոններ եւ տիկիներ արթեօք քիտեք որ ութցուն հինկ իրաքահայ հայ ընտանիքներ վրնտւած են իրենց տուներեն մուսուլ եւ պաղտիտա քաղաքներեն աւելի շիտակ եւ լավ չէր ըլլար որ Հայաստանը հայէրով ըզբաղւէր եւ ոչ թէ եզտինէրով մանաւանթ վոր Հայաստանը երբեք օգտակար չէ եղած իրաքահայութեան եւ հետոյ այս եզտիները ցեղով քուրտ են եւ քուրտերը կը պահանչէն Հայաստանի հանրապետութեան կէս հողերը եւ ամբողչ Արցախը ինչ մեծ սխալ է ասոնց Արցախ տանելը եւ հոն բնակեցնելը Սմբատ Սէֆէրեան

  • Disqus ( )