Ակնարկ. Տարածաշրջանային Խնդիրներ Եւ Հայկական Արձագանգներ

kuՏարածաշրջանային զարգացումները այլեւս ոչ միայն հեռակայ պատկերներով, այլ ուղղակի անմիջական կ՛ընդգծեն Միջին Արեւելքի ապաքրիստոնէացման միտումները: Բայց խնդիրը միայն կրօնական հողի վրայ ուղղակի բռնութեամբ թէ խուճապի մթնոլորտի ստեղծմամբ կամ նոյնիսկ ծրագրաւորուած բնակչային տեղաշարժերու համապատասխան դրութիւններ ընծայելով զարգացող երեւոյթ չէ:

Եզիտիներու նկատմամբ կիրարկուած ջարդն ու տեղահանութիւնը արդէն ոչ միայն ապաքրիստոնէացման մասին կը խօսին, այլ նաեւ ընդհանրապէս շրջաններու ամայացման եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գօտիներու վրայ միատարր ու միահեծան վերահսկողութեան:

Ռազմավարական կէտերը այս պարագային միայն ուժանիւթին, քարիւղին, ջրային պաշարներուն եւ նման կարեւորութիւն ներկայացնող դիրքերու կը վերաբերին: Ծայրայեղ իսլամականներու թիրախաւորած շրջանները, այլ տարածքներու պարագային առանց դիմադրութեան յանձնելը,  եւ մանաւանդ միջազգային ընտանիքի լուռ ու կրաւորական պահուածքը մտածել կու տան, որ հետապնդուածը ոչ թէ իսլամական պետութեան ստեղծումն է, այլ աւելի քարիւղի պետութեան:  Ուժանիւթը հիմնական շարժառիթը ըլլալով նման զարգացումներու, կը թուի, որ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ բաժանարարութեամբ նոր վերահսկելիութիւն մը յառաջացնելու միտող զարգացումներ են այն, ինչ որ վայրագ, անմարդկային, եթէ ոչ անասնային  եղանակներով ի գործ կը դրուի թիրախաւորուած տարածքներու վրայ ապրող ազգաբնակչութիւններուն նկատմամբ:

Միացեալ Նահանգներու գերքաղաքականացուած  դիրքորոշումը  կիրարկուող ջարդերուն եւ տեղահանութիւններուն ի տես բարացուցական է եւ պարզապէս կ՛ընդգծէ նման վարկածներու իրականալիութիւնը: Օդային շատ սահմանափակ հրթիռակոծումներ այն սահմաններուն վրայ, որոնցմէ այն կողմ կը գտնուին ամերիկեան ռազմակէտեր կամ գօտիներ, այդ մտածումը կ՛ամրապնդեն: Այդ սահմաններէն անդին պատահածները ոչ միայն հակադարձումի չեն արժանանար, այլ նաեւ գուցէ առաջադրելի են: Մնացեալը, թէ` իսլամական պետութիւնը սպառնալիք է աշխարհին եւ նման յանկերգումներ, աւելի ներկայացումի բնոյթ ունին:

Տեղեկատուականը այս բոլորի լուսաբանման առումով կարծես մաս կը կազմէ ընդհանուր ծրագիրին: Գլխատուած երեխաներ, ողջ թաղուածներ, չարչարանքի ենթարկուողներ, հակաքրիստոնէական բարբարոս աքթեր, այս բոլորը կը ծառայեն խուճապահար ընելու այնտեղ ապրող կամ այնտեղէն մեկնած հասարակութիւնները, միանգամընդմիշտ համոզիչ դարձնելու համար, որ նման արարածներու հետ համագոյակցիլը ուղղակի անհամատեղելի է: Խուճապահարութեան այս քաղաքականութիւնը կը միտի ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող տարածքներու ամայացման, ժողովրդագրական հիմնական փոփոխութիւններու եւ նոր գօտիներու ստեղծման:

Ընդհանուր այս թոհուբոհին մէջ պահ մը յաւելեալ լուսարձակներ պէտք է կեդրոնացնել Իրաքի եզիտիներուն ապրած ողբերգութեան վրայ: Ցեղային ամբողջական զտումի այս երեւոյթը կը կատարուի օր ցերեկով, աշխարհի աչքին առջեւ: Պաշտօնական դատապարտանքն ու մանաւանդ կանխարգիլման գործողութիւններ ոչ թէ տեղի չեն ունենար, այլ նոյնիսկ նման պահանջներ չեն արծարծուիր: Առաւելագոյնը կիսապաշտօնական մարդասիրական կոչերն են, որոնք կը հնչեն` պարագայականութեան տպաւորութիւնը ձգելով դիպաշարին հետեւողներուն վրայ:

Հայկական կողմը, պաշտօնական թէ հասարակական առումներով, իւրայատուկ արձագանգումի պատճառներ ունի: Նախ անշուշտ այն պատճառով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կ՛ապրի եզիտի ազգաբնակչութիւնը, եւ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ իրաւունքը ունին իրենց ազգակիցներուն ճակատագիրով իրենց պետութենէն համապատասխան քայլեր ակնկալելու:

Եւ անշուշտ հիմնական պատճառով, որ թէեւ տարբեր տարողութիւններով, սակայն այն, ինչ կը պատահի այսօր` բռնութիւն, տեղահանութիւն եւ ջարդ, բաւականաչափ ծանօթ է հայ ժողովուրդին` իբրեւ ազգային զտումի անմարդկային եղանակ:

Պաշտօնական Երեւանը նախագահի մամլոյ բանբերին ճամբով պարզ դարձուց իր դիրքորոշումը: Ազգային փոքրամասնութիւններուն եւ այս պարագային յատկապէս եզիտի ազգաբնակչութեան դէմ կիրարկուող բռնութիւնը անընդունելի է եւ մերժելի: Երեւանը միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու այդ բռնութիւնները կասեցնելու եւ տուժածներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը յանձնարարած էր նաեւ տրամադրուած օժանդակութեան ծրագիրները ընդլայնելու:

Այլ ուղղութիւններ շօշափած էր Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերին յայտարարութիւնը: Անընդունելի նկատելով պատահարները` Դաւիթ Բաբայեանը կը նշէր, որ եզիտիներն ու հայերը  բախտակից  ժողովուրդներ են եւ թէ աւելին` եզիտիներ մասնակցած են արցախեան ազատամարտին: Ըստ Արցախի մամլոյ բանբերին, իրենք պատրաստ են նաեւ կեցութեան եւ համապատասխան կենցաղային դիւրութիւններու ընձեռման կարելիութիւնները քննարկել, եթէ նման դիմումներ ըլլան:

Թէեւ նուրբ եւ զուսպ  ըսուած, այսուհանդերձ  այստեղ է կարեւոր առաջադրանքը: Ժողովրդագրական պատկերի լուրջ խնդիր դիմագրաւող մեր հայրենիքը Միջին Արեւելքէն տարբեր ազգաբնակչութիւններու արտահոսքի միտումները նկատելով պիտի պատրաստէ ենթահողը մնայուն կեցութիւն ապահովելու: Մարդասիրական բնոյթի կատարուած քայլերն ու ճգնաժամերու հետեւանքով յառաջացած գաղթականութեան հաւաքական կացարաններ տրամադրելը օրինաչափ է, որ ստանան միջազգային կառոյցներու օժանդակութիւնները:

Մինչ այդ հայկական կողմի, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ Արցախի դատապարտանքը, միջազգային հանրութեան ուղղուած կոչը եւ օժանդակութիւն ու կեցութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը չափի մէջ, բոլոր հանգամանքները նկատի առնելով կատարուած են:

Այս օրերուն անտեղի չ՛ըլլար յիշեցնելը, թէ այս ջարդերն ու տեղահանութիւնները գործադրողները ո՞ր պետութենէն ֆինանսաւորուեցան, ո՞ր սահմաններէն մտան խնդրոյ առարկայ տարածքները եւ ո՞վ զինեց զանոնք: Կամ վերստին ընդգծելը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտանքը կրնային կանխարգելիչ դեր ունենալ միեւնոյն եղանակի ու ոճի կրկնութեան:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (3)
  • Վահան Վանական 9 years

    «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ Արցախի օժանդակութիւն ու կեցութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը»,
    Մեծապէս գնահատելի է

    Նոյնն էր մէկ դար առաջ՝ Բարբարոս Թուրքին կատարած ցեղասպանութիւը հայ ժողովուրդին հանդէպ, անապատի նոյն ճամբաներուն վրայ, նոյն մոլեռանդ կրօնական եւ բարբարոս ցեղերու կողմէ.

    Մեր ծնողքները նոյն դժբախտոթիւնը տեսած են
    Եւ գիտենք Օգնութեան Անհրաժեշտութիւնը.

    Վահան Վանական

  • հարքելի պարոններ եւ տիկիներ արթեօք քիտեք որ ութցուն հինկ իրաքահայ հայ ընտանիքներ վրնտւած են իրենց տուներեն մուսուլ եւ պաղտիտա քաղաքներեն աւելի շիտակ եւ լավ չէր ըլլար որ Հայաստանը հայէրով ըզբաղւէր եւ ոչ թէ եզտինէրով մանաւանթ որ Հայաստանը երբեք օգտակար չէ եղած իրաքահայութեան եւ հետոյ այս եզտիները ցեղով քուրտ են եւ քուրտերը կը պահանչէն Հայաստանի հանրապետութեան կէս հողերը եւ ամբողչ Արցախը ինչ մեծ սխալ է ասոնց Արցախ տանելը եւ հոն բնակեցնելը Սմբատ Սէֆէրեան

  • Ռուբեն 9 years

    Միանգամայն արդար եվ ողջունելի քայլ կլինի իրաքահայերին Առցախում վերաբնակեցնելը:Կարելի է հիմնագրամ ստեղծել եվ օժանդակել ՀՀ կառավարչությանը,որպեսզի համապատասխան քայլեր ձեռնարկի:

  • Disqus ( )