Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դուք պէտք է ընէք ճիգ եւ ջանք, որպէսզի հաշտուիք ձեր ընտանիքին մէկ անդամին հետ: Համաձայն ապրեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շեշտը դրէք ձեր շրջապատին հետ լաւ յարաբերութիւն ընելու վրայ: Ափսոս է, որ ամէն ինչ վերապահէք ձեր անձին համար: Արթուն եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր կեանքը մի՛ բարդացնէք, որովհետեւ անիկա շատ պարզ է: Այսպիսով աւելի հանգիստ եւ խաղաղ պիտի զգաք: Անհոգ եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դուք ձեր շրջանակը կը գրգռէք` ձեր մասին խօսելով: Ձեր մասին խօսակցութիւնները կը սիրէք: Օրը բարի է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պարզ կեանք մը կ՛ապրիք, ինչ որ փոխանցուած է ձեր պապերէն, հին սերունդէն: Կը մնաք խաղաղ ձեր պարզութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Միութիւնը զօրութիւն է: Մի՛ փորձէք ամէն ինչ առանձին ընել, կը յոգնիք: Ուրիշներուն վստահութիւն ունեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ժամանակը շատ յարմար է, ճիշդ օրն է, որ կատարէք նախաձեռնութիւններ` ձեր շրջանակին հետ: Օրը ունի նիւթական շահ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեզի օգնողներ պիտի ունենաք` առանց փոխարէնը բան մը ակնկալելու ձեզմէ: Այս ալ բախտաւորութիւն համարեցէք եւ անհոգ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ի բնէ լաւատես էք, եւ չէք մտածեր վաղուան մասին, որովհետեւ նաեւ ինքնավստահ էք: Այսպիսով ձեր շուրջիններուն վստահութիւն կը ներշնչէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լաւ բանակցելու համար պէտք է գիտնալ ճկուն ըլլալ: Նոյն ատեն հանդարտութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ վարուեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Առողջապահական հարցեր պիտի մնան մոռցուած: Մի՛ փոխէք ձեր նոր սովորութիւնները եւ մնացէք ինքնաբաւ ու ուրախ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ինչո՞ւ համար զբօսաշրջական կամ գիւղի վերաբերեալ արձակուրդի մը դէմ էք եւ զայն կը վերածէք դժուար հարցի: Խաղի տեղ դրէք այսպիսի առաջարկներ: Պարզ եղէք:

