Սիլվըրսթոնի Վազքուղիին Վրայ. Լիբանանի Քարթինկի Ախոյեանին Յաջող Փորձերը` «Ֆորմիւլա-Ռընօ»-ի Ինքնաշարժին Հետ
2013-ի Լիբանանի քարթինկի ախոյեան Փաթրիք Նըժէյմ յատուկ հրաւէր մը ստացած էր փորձեր կատարելու «Ֆորմիւլա-Ռընօ»-ի անգլիական ինքնաշարժներէն մէկուն հետ:
Ան իր այդ հրաւէրը ստացած էր «Միտըլ Իսթ Մոթորսփորթց Մենըճմընթ»-էն: Ան իր այդ փորձերը կատարեց Սիլվըրսթոնի հանրածանօթ վազքուղիին վրայ, որ կը հիւրընկալէ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան կրան փրիներէն մէկը:
Այս փորձերուն հիմնական նպատակն էր վարորդներուն ունեցած բացառիկ յատկութիւններն ու տաղանդները բացայայտել, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագային փորձառու եւ անուանի վարորդներ յայտնաբերել:
Պէտք է ըսել, որ Լիբանանի ախոյեանը այս փորձերուն բաւական լաւ տպաւորութիւն ձգեց բոլորին վրայ, որոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին` նշելով, որ անոր ապագան շատ փայլուն է այս մարզին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

