Ղասսան Սարգիս` «Օ. Թի. Վի.»-ի Ռեփլէյ Յայտագիրին Այսօրուան Հիւրը
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի եւ Ամշիթ ակումբի մարզիչ Ղասսան Սարգիս այսօր` չորեքշաբթի, 20 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 21:45-ին պիտի ըլլայ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակիօրէն սփռուող Ռիփլէյ մարզական յայտագիրին հիւրը:
Ան ընդհանուր գիծերու մէջ պիտի խօսի լիբանանեան պասքեթպոլի մարզը յուզող հարցերուն մասին, պիտի անդրադառնայ նաեւ Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին դաշտին վրայ երեք օտարական խաղցնելու նիւթին, ինչպէս նաեւ պիտի խօսի նոր տարեշրջանին գծով իր ակումբին` Ամշիթի տարած աշխատանքներուն մասին:
Նշենք, որ այս յայտագիրը կը վարէ լիբանանցի մարզական լրագրող Էլի Նասսար:
CATEGORIES Մարզական

