Էտկար Մանուչարեան Այսօր Կը Վերսկսի Իր Փորձերուն

0819_edgarՀայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Ուրալ Եքաթերինպուրկի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան այսօր` չորեքշաբթի, 20 օգոստոսին կը վերսկսի իր փորձերուն` իր խմբակիցներուն հետ:

Մանուչարեան, որ վնասուածք ստացաւ 2 օգոստոսին Մոլտովայի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին, ամբողջութեամբ պատրաստ պիտի ըլլայ 29 օգոստոսին Թերեքի դէմ տեղի ունենալիք Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումին:

Share this Article
CATEGORIES