«ՇՈՒՆՉ ՄԸ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՐՄԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ)
2010-ին Պոլսոյ մէջ «Մարմարա» օրաթերթի «Մուրատ օֆսեթ» տպարանէն լոյս տեսաւ պոլսահայ թատերագիր Արման Վարդանեանի «Շունչ մը» խորագրեալ թատերական հատորը, որուն յառաջաբանը գրած է գրագէտ եւ հրապարակագիր Ռոպեր Հատտէճեան:
Արման Վարդանեան ծնած է Պոլիս, 1930-ին: Նախնական ու երկրորդական ուսումը ստացած է Հինդլեան, Վիեննական Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: Համալսարանական ուսումը ստացած է Լոնտոնի եւ Վիեննայի մէջ` հետեւելով թատերական ու երաժշտական դասընթացքներու: Հմուտ երաժշտագէտ եւ դաշնակահար է:
Հրատարակած է բազմաթիւ գործեր, ինչպէս` «Թոխորը» (1977), «Մամլեկը» (1977), «Ագռաւուկը» (1978), «Շաղամաթը» (1979), «Խպլիկը» (1980), «Ճոկանը» (1980) եւ այլն:
Հետագային հրատարակած է հետեւեալ ժողովածուները.
«Խաղ մը», Վենետիկ, (1987)
«Ցաւ մը», Պոլիս, (1997)
«Լաւ մը», Պոլիս, (2003)
«Շունչ մը» խորագրեալ հրատարակութիւնը կը բաղականայ 259 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ չորս թատերախաղեր:
Առաջին թատերախաղը կը կոչուի «Անձրուկը» (Համսի պաշըղը). որուն գործող անձերը կը հանդիսանան Դաւիթ Երամեան` վաթսուն տարեկան մարդ մը, Յակոբ Երկանեան` քսանվեց տարեկան երիտասարդ մը, Լիլիթ Երիցեան` քսաներկու տարեկան երիտասարդուհի մը, Արմիկ Եկաւեան` յիսունը անց կին մը եւ ձայն մը:
Թատերական գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ պզտիկ հրապարակի մը մէջ, ամրան առաւօտ մը, ուր հեղինակը իր տիպարներուն միջոցով կը պարզէ մարդկային կեանքը յուզող որոշ ճշմարտութիւններ: Ան կը փոխանցէ այն մտածումը, թէ առանձնութիւնը կը կազմէ ենթահողը արդիւնաւէտ գործունէութեան, ուր կը կենսաւորուին արուեստի լաւագոյն իրագործումները ու կը ծաղկին մարդ էակի ցանկութիւնները: Այս յղացքով, կ՛ըսէ. «Մարդու մը ամէնէն զօրաւոր եղած պահը առանձինն եղած ատենն է: Ամէն մեծ գործ առանձնութեան մէջ կը ստեղծուի: Ամէնէն մեծ գիրքերը, կոթողային ստեղծագործութիւններն ու ամէնէն մեծ գիւտերը առանձնութեան մէջ իրականութիւն կը դառնան ու մարդ ամէնէն մեծ գաղափարները առանձինն եղած պահուն կը յղանայ, ամենագեղեցիկ երգերը առանձնութեան մէջ կը յօրինուին: Ես Շուպերթը շատ կը սիրեմ»:
Փոխանցելով իր մտածումները տիպարներուն միջոցով` Արման Վարդանեան կ՛ըսէ, թէ ուրիշներու յաջողութիւնը զուարճութիւն չի պատճառեր մեզի:
Ըստ իրեն, աղքատը չի սիրուիր մարդոցմէ: Ան է, որ կ՛ենթարկուի չարաղէտ փորձանքներու: Աղքատին տունն է, որ կը հրկիզուի յաճախ եւ անոր գերեզմանն է, որ կը դառնայ թիրախ բռնարարքներու:
Հեղինակին բնորոշումով, աղքատ կը կոչուի ո՛չ թէ դրամ չունեցող մարդը, այլ ան, որ ունի մեծ եւ առատ ցանկութիւններ:
Կ՛ըսէ, թէ ստախօսութիւնը համամարդկային ախտ մըն է, որմէ կարելի չէ խուսափիլ: Մարդիկ զիրար կը կեղեքեն եւ կը շահագործեն, որպէսզի կարենան ապրիլ: Առեւտուրի մէջ կարելի չէ յաջողութիւն ձեռք ձգել առանց զեղծարարութեան:
«Անձրուկը» խորագրեալ թատերախաղը կը փակուի կերպարներէն մէկուն կողմէ եղած այն տխուր խոստովանութեամբ, որ կ՛ըսէ «Ամէն ոք իր ճակատագրին հետ հաշտութեան մէջ պէտք է ապրի: Այս տարիքիս եկայ ու կրնամ խոստովանիլ, թէ լուրջ յաջողութիւն մը բնաւ չունեցայ, ոչի՛նչ իր բովանդակ կատարելութեան մէջ կրցայ վերջացնել: Ամէն ինչ թերաւարտ մնաց»:
Հատորին երկրորդ թատերախաղը կը կոչուի «Հուսամը» (Լաւանտա Չիչեղի) խորագրեալ երկը, որուն գործող անձերն են Նուպար Պօղոսեան եւ Օշին Օհանեան:
Սոյն թատերախաղին գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ պարտէզի մը մէջ, որուն ետին կը գտնուի դատարանի շէնքը:
Նուպար եւ Օշին յիսուն տարիքը թեւակոխած բարեկամներ են, որոնք կը խօսակցին դատարանի յարակից պարտէզին մէջ: Անոնք եկած են իբրեւ վկաներ այն դատավարութեան, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Արայի եւ Սեդայի ամուսնալուծման հարցը: Օշինը պիտի ներկայանայ իբրեւ վկան Արային, իսկ Նուպարը` Սեդային: Երկու վկաները երկար ատեն կը սպասեն պարտէզին մէջ, սակայն ո՛չ դատաւորը, ո՛չ պաշտպան փաստաբանները եւ ո՛չ ալ դատական հարցին առնչակից անձերը կը ներկայանան դատարան ճշդուած ժամուն: Իրողութիւնը այն է, որ վկաները թէեւ կ՛ընդառաջեն իրենց ուղղուած հրաւէրին, սակայն անոնք չեն փափաքիր, որ Արան եւ Սեդան ամուսնալուծուին: Անոնց նպատակն է հաշտութիւն գոյացնել կողմերուն միջեւ: Պէտք է ըսել, որ ուշագրաւ գործ մըն է «Հուսամը» խորագրեալ թատրերգութիւնը, ուր կերպարներու միջոցով կ՛արծարծուին ոչ միայն դատական, այլ նաեւ պատմական, լեզուագիտական եւ այլ հարցեր:
Հատորին երրորդ գործը կը կոչուի «Թաւուտը» (սըք աղաչլըք) խորագրեալ թատերախաղը, որուն գործող անձերն են` Զարեհ Ստեփանեան, Շահան Զօրեան եւ Հրաչուհի Սեպուհեան, որոնք ունին քառասունի շուրջ տարիք:
Թատերական գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ եկեղեցիի մը պարտէզին մէջ: Զարեհ եւ Շահան կը զրուցեն բեմին մէջտեղը տեղ գրաւած առանց կափարիչի դագաղի մը շուրջ, որուն մէջ կը հանգչի Աշխէն անունով կին մը: Դագաղէն շատ գէշ հոտ մը կ՛ելլէ: Պահ մը ետք բեմին վրայ կը յայտնուի Հրաչուհին, որ կ՛ըսէ, թէ ինք թոռնուհին է հանգուցեալ կնոջ: Թատերախաղի տիպարները կը փնտռեն դագաղին կափարիչը, բայց չեն կրնար գտնել զայն: Զարեհ դագաղին հոտը փարատելու մտահոգութեամբ, մօտակայ դագաղագործի մը խանութէն կը գողնայ կափարիչ մը եւ զայն կը զետեղէ դագաղին վրայ: Այս պահուն լուսարարը կը վառէ եկեղեցւոյ լոյսերը եւ կ՛աներեւութանայ: Ժամերը կը սահին, բայց ոչ ոք կը ստանձնէ հանգուցեալ կնոջ թաղման ծախսերը: Կու գայ պահ մը, երբ Զարեհ, Շահան եւ Հրաչուհի կը զգան, որ կը դիմակալեն կացութիւն մը, որ թէ՛ ողբերգութիւն է եւ թէ՛ կատակերգութիւն: Անոնք կը տագնապին յանկարծ, երբ կ՛անդրադառնան, թէ Աշխէն աղախինը դագաղին մէջ հակառակ դարձեր է: Իսկոյն կը բռնեն փախուստի ճամբան` հեռանալով այդ մահաբոյր մթնոլորտէն…
«Հադաղակը» (տամաճանա) խորագրեալ թատրերգութիւնը կը հանդիսանայ հատորին վերջին թատերախաղը, որուն գործող անձերն են Պապ Չամիչեան, որ վաթսուն տարեկան, բայց երիտասարդ երեւոյթով մարդ մըն է, Թենսուհի Չերազեան քառասուն տարեկան մսոտ կին մըն է եւ Չու Չենազեան յիսուն տարեկան միջահասակ եւ շատ համեստ հագուած անձ մըն է:
Տեսարանը կը ներկայացնէ անխնամ տարածութիւն մը, ուր կան երկու նստարաններ, ծառ մը եւ պատ մը:
Պապին ձեռքը չուան մը կայ: Ան կ՛ուզէ կախել ինքզինք մօտիկ ծառէն, բայց Թենսուհին կը տարհամոզէ զայն եւ կը թախանձէ, որ չկատարէ նման անխոհեմ արարք մը:
Պապ կը հաւատայ, թէ ինքզինք կախելով միայն պիտի կրնայ փրկուիլ այս տառապալի կեանքէն:
Թենսուհին կը յայտնէ իր սէրը հանդէպ Պապին, որուն սիրտը ան կը տոգորէ կենսապաշտ զգացումներով:
Իր կարգին, Չու Չենազեանը կը փորձէ խլել չուանը Պապի ձեռքէն եւ կախել ինքզինք, որովհետեւ, Պապի նման, ի՛նք եւս կը հաւատայ, թէ կեանքը արժէք մը չունի այլեւս…
Թատերախաղի աւարտին հոգեպէս լարուած ու տխուր այս վիճակը վերջ կը գտնէ, երբ Թենսուհին, Չուն եւ Պապը միասնաբար շրջանակ մը կը կազմեն ու կը պարեն:
Արդարեւ, «Շունչ մը» խորագրեալ երկը գնահատելի իրագործում մըն է այն իմաստով, որ Արման Վարդանեան դուրս գալով դասական թատրոնի ըմբռնումներէն` նորաշունչ եւ իւրայատուկ թատերախաղերով կը թարմացնէ ժամանակակից հայ թատերական արուեստը…
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ