Սլաք. Ստախօսութեան Կամ Տգիտութեան Մրցում
ԼԱԽՏ
Թուրքերը վերջերս Անիի մէջ նշած են սելճուք թուրքերու Կարսէն Անատոլու ներխուժելու 950-ամեակը: Ձեռնարկին աջակցած են Կարսի նահանգապետարանը, քաղաքապետարանը, «Կովկաս» հիմնարկը եւ թրքական շարք մը այլ հասարակական կազմակերպութիւններ: Մասնաւորաբար մեծ եղած է Ազգայնական շարժում կուսակցութեան դերը, ինչ որ զարմանալի չէ` նկատի ունենալով նշեալ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը:
Ձեռնարկին ընթացքին հնչած են ծաղրաշարժ յայտարարութիւններ: Կարս-Անի միջազգային առաջին գիտաժողովի նախագահ Օքթայ Պելլի յայտարարած է. «Անիէն սկսած ենք քաղաքակրթութիւնը տարածել աշխարհի մէջ (…) Մենք որքան ալ պարծենանք Անիով, միեւնոյնն է` քիչ է», իսկ Կարսի նահանգապետ Կիւնայ Էօզտեմիր իր կարգին յայտարարած է, որ Անիի գրաւումը թրքական աշխարհի, ինչպէս նաեւ համաշխարհային պատմութեան տեսանկիւնէն կարեւոր եւ շրջադարձային նշանակութիւն ունի: «Անատոլուի մէջ քաղաքակրթութեան մուտքը սկսաւ Անիէն: Այդ իսկ պատճառով աշխարհի համար այդքան կարեւոր նշանակութիւն ունի Անիի գրաւումը», ընդգծած է Էօզտեմիր:
Այս ի՞նչ անհեթեթութիւն է: Սուտն ալ իր չափն ու սահմանը ունի: Ուրեմն ըստ վերոնշեալ իմաստակներուն, արար աշխարհ իր կառուցած 1001 եկեղեցիներով ապշեցուցած ու մշակութային բարձր մակարդակի վրայ գտնուող Անիի հայ բնակչութիւնը յետամնաց էր ու բարբարոս, իսկ քոչուոր սելճուք թուրքերը, որոնք, երբ այբը տեսնէին, մօրուքի սանտր կը կարծէին, քաղաքը «ազատագրեցին» տգիտութեան խաւարէն եւ զայն «լուսաւորեցին» քաղաքակրթութեան լոյսով: Ի՞նչ քաղաքակրթութեան մասին է խօսքը: Պատմութիւնը կը վկայէ, որ «փրկարարները» փլատակներու կոյտի վերածեցին ծաղկուն քաղաքը, եւ ըստ իրենց սովորութեան, ջարդեցին բնակչութիւնը` չխնայելով կիները, ծերերն ու մանուկները: Պատմական իրողութեանց լոյսին տակ կարելի է եզրակացնել, որ այս գիտունիկները «քաղաքակրթութիւն» ըսելով «բարբարոսութիւն, աւերում, կողոպուտ ու ջարդ» կը հասկնան:
Ուստի պէտք չէ զարմանալ, եթէ «գիտաժողովի» նախագահ Պելլի Անիի գրաւումով արձանագրուած «նորարարութիւնները» թուելով կը յայտարարէ. «Թրքական, իսլամական աշխարհի, Անատոլուի, Պալքաններու, Կեդրոնական Եւրոպայի առաջին մզկիթը Անիի մէջ կառուցած ենք, առաջին նամազը այստեղ կատարած ենք», կարծէք մինչ այդ իսլամութեան ծննդավայր արաբական աշխարհի եւ Իրանի կոթողային մզկիթները` Անիի աւերումը հարիւրաւոր տարիներով կանխած իսլամական քաղաքակրթութեան այդ կոթողները գոյութիւն չունէին եւ նամազ ալ չէր կատարուած: «Նորարարութեանց» շարքին ան նաեւ կը նշէ. «Առաջին իջեւանները այստեղ կառուցած ենք»: Ի՞նչ է պարո՛ն «գիտնական», Անիի հսկայական պարիսպները կառուցած ժողովուրդը վրաններու տա՞կ կը բնակէր կամ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Պոլիսը, Աբբասեաններու մայրաքաղաք Պաղտատը, Օմայատներու մայրաքաղաք Դամասկոսը, Աղեքսանդրիան անապա՞տ էին:
Այս մարդիկը կամ այնքան տգէտ են, որ իրենց տգիտութեան չեն գիտակցիր եւ բարբարոս Ալփասլան սուլթանը կը շփոթեն հելլենիզմը տարածած Մեծն Աղեքսանդրի հետ, կամ ալ կը հետեւին «նետէ՛ (գնդակը), օդին մէջ սիւն չկայ» թրքերէն ասացուածքին: Փաստօրէն տեղի ունեցածը Անիի գրաւման 950-ամեակի նշում չէ եղած, այլ հարիւրամեայ ստախօսութեան կամ պարզապէս տգիտութեան մրցում:

