Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Զուիցերիա Մերժած Է Եւրոպական Միութեան Երկիրներու` Իր Տարածքով Ռուսիայէն Մթերք Ներածելու Առաջարկները
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը մերժած է Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու` իր տարածքով Ռուսիայէն մթերք ներածելու խնդրանքը: Այդ ձեւով նշեալ երկիրները միութեան ոչ անդամ Զուիցերիոյ միջոցով փորձած են շրջանցել Մոսկուայի կողմէ արեւմտեան երկիրներուն դէմ հաստատուած պատժամիջոցը:
Մոսկուա Զուիցերիոյ դէմ պատժամիջոց չէր հաստատած, որովհետեւ այդ երկիրը իր կարգին Ռուսիոյ դէմ լայնածաւալ պատժամիջոցներ չէր սահմանած:
Զուիցերիոյ գիւղատնտեսութեան դաշնակցային վարչութենէն յայտնած են, որ Զուիցերիոյ դիմած են մասնաւորաբար միրգ, բանջարեղէն, պարեն փոխադրելու խնդրանքով, սակայն այդ խնդրանքը մերժուած է: Զուիցերիան մերժած է այն պատրուակով, որ չի կրնար որակի վերահսկում կատարել տարբեր երկիրներու արտադրութեանց նկատմամբ:
CATEGORIES Միջազգային

