Քաթար Մերժած Է Ռիատի Համաձայնութեան Շուրջ Զեկուցումը Ստորագրել
«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քաթար մերժած է ստորագրել Ռիատի համաձայնութեան գործադրութեան հսկելու պարտականութիւնը ունեցող յանձնախումբին վերջնական զեկուցումը, որ կը հաստատէ, որ Տոհան անցեալ ապրիլին Արաբական ծոցի վեց երկիրներուն կողմէ ստորագրուած նշեալ համաձայնութեան գործադրութեան նկատմամբ լրջութիւն չի ցուցաբերեր:
Ծոցի շրջանէն պատասխանատու մը օրաթերթին յայտնած է, որ քաթարցի պաշտօնատարները յանձնախումբի ժողովներուն ընթացքին վստահեցուցած են, որ իրենք գործադրած են իրենցմէ բոլոր պահանջուածները, որմէ ետք Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Պահրէյնը Քաթարէն պահանջած են փաստեր եւ գործեր, որոնք կը հաստատեն քաթարեան կողմին պնդումները, ինչ որ քաթարցի պաշտօնատարները զայրացուցած է, եւ անոնք մերժած են զեկուցումը ստորագրել` հակառակ անոր որ համագործակցութեան խորհուրդի մնացեալ հինգ անդամները զայն ստորագրած են:

