Ֆերկըսընէն Ոչ Հեռու Սեւամորթ Մը Եւս Սպաննուած Է

0820_US«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Միզուրի նահանգի Ֆերկըսըն քաղաքին մէջ զանգուածային անկարգութիւններուն ճնշման ընթացքին ձերբակալուած է 78 մարդ: Նշենք, որ լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ձերբակալուածներուն շարքին է Ողջակիզումէն վերապրած 90-ամեայ կին մը:

Յիշեցնենք, որ վերջերս Ֆերկըսըն քաղաքին մէջ ոստիկան մը սպաննած էր անզէն սեւամորթ պատանի մը, ինչ որ բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած է ոչ միայն նշեալ, այլ նաեւ ամերիկեան այլ քաղաքներու մէջ:

Կը հաղորդուի, որ անկարգութիւններուն պատճառով դրացի Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ այլ սեւամորթ մը եւս սպաննուած է: Ան դանակով սպառնացած է ոստիկանին, որ ստիպուած սպաննած է զինք:

 

Share this Article
CATEGORIES