ՏԱՀԵՇ Կը Գլխատէ Առեւանգուած Ամերիկացի Լրագրող Մը

450503Երեքշաբթի, 19 օգոստոսին, ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը հրապարակեց տեսերիզ մը, որուն մէջ կ՛երեւի 2 տարի առաջ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած ամերիկացի լրագրող Ճէյմս Ֆոլին: Իսլամական կայքերուն վրայ հրապարակուած «Նամակ Ամերիկային» վերնագիրով տեսերիզին մէջ կը յայտնուի ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ մը, որուն կողքին կ՛երեւի ամերիկացի լրագրողը: Տեսերիզին մէջ Ֆոլի կը դատապարտէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման` ըսելով, որ ան պիտի ըլլայ իր մահուան պատճառը, որովհետեւ որոշած է հարուածել Իրաքը: Ֆոլիի խօսքէն ետք կը ցուցադրուի անոր սպանութիւնը` գլխատումով:

Share this Article
CATEGORIES