Կիւլ. «Թուրքիոյ Յաջորդ Վարչապետը Պիտի Ըլլայ Տաւութօղլուն»

Ապտիւլլա Կիւլ

Ապտիւլլա Կիւլ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գործող նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հրաժեշտի ընդունելութեան ընթացքին Կիւլ յայտարարած է, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահ ընտրուելէն ետք Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնը պիտի վարէ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն:

Կիւլ նախագահի լիազօրութիւնները Էրտողանին պիտի փոխանցէ 28 օգոստոսին:

«Ինչպէս կը տեսնեմ` վարչապետի պաշտօնը պիտի անցնի Ահմեթ Տաւութօղլուին: Ես զինք քաղաքականութեան մէջ ներգրաւեցի: Մենք անոր պիտի աջակցինք», ըսած է Կիւլ:

Թուրքիոյ` տակաւին գործող նախագահը նշած է, որ 28 օգոստոսէն ետք փափաք չունի Անգարայի մէջ մնալու եւ պիտի վերադառնայ Պոլիս:

27 օգոստոսին, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը համագումարի ընթացքին պիտի ընտրէ նաեւ կուսակցութեան նոր ղեկավար:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ֆէյսպուքեան էջը կը հաղորդէ, որ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան, Շիրվան քհնյ. Միւրզեանի ընկերակցութեամբ Չանքայա նախագահական պալատին մէջ մասնակցած է Կիւլի սարքած հրաժեշտի ընդունելութեան:

Աթեշեան սրբազանը այս առիթով յաջողութիւն մաղթած է Կիւլին իր հետագայ պաշտօններուն մէջ:

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի երդման արարողութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած են այլ պետութիւններու ղեկավարներ, որոնց շարքին են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Անոնք հաւանաբար այդ արարողութեան ուղարկեն իրենց ներկայացուցիչները:

Կ՛ենթադրուի, որ Էրտողանի երդման արարողութեան պիտի մասնակցին թրքախօս պետութիւններու, Քաթարի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու ղեկավարները:

Share this Article
CATEGORIES