Իսրայէլ Կը Շարունակէ Կազայի Դէմ Յարձակումը

0820_GazaԻսրայէլ երէկ շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումը, որուն զոհ գացողներուն շարքին էր Քասսամի փաղանգներու հրամանատար Մոհամետ Տէյֆի կինն ու զաւակը:

Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան «Ուալահ» կայքին հաղորդեց, որ Իսրայէլ երէկ արշալոյսին փորձած է ահաբեկել Տէյֆը, իսկ Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր արդարացուց այդ փորձը` Քասսամի փաղանգներու հրամանատարը նկատելով «օրինական թիրախ մը», որուն «մաքրագործման» համար որեւէ առիթ պէտք է օգտագործուի:

Համասի ղեկավարներէն Մուսա Ապու Մարզուք երէկ յայտարարեց, որ Իսրայէլ Կազայէն հրթիռարձակման մասին սուտ յայտարարութիւն կատարած է, որմէ ետք մահափորձը կատարելու համար շարք մը միջոցառումներ որդեգրած է: Ապու Մարզուք չնշեց, եթէ Քասսամի փաղանգներու հրամանատարը այդ պահուն տան մէջ կը գտնուէր:

Իսրայէլեան օդուժը հարուածեց Պէյթ Լահիան, Մահազի գաղթակայանը, Խան Եունեսը, Ռաֆահը, Ժըհր Տիքը եւ բազմաթիւ տուներ քանդեց: Պաղեստինեան դիմադրութիւնը իր կարգին հրթիռակոծեց իսրայէլեան բնակեցման վայրերը, ինչպէս նաեւ Թել Աւիւը, Երուսաղէմը եւ Պեն Կորիոն օդակայանը:

Share this Article
CATEGORIES