ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾՈՎ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔ

Քազանի հանդիպումէն ետք ազրպէյճանական տեղատուութիւն մը աւելի քան զգալի է գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ: Ազրպէյճանցի քաղաքական մեկնաբանները հիասթափուած ոճով կը խօսին բանակցութիւններու ապարդիւն ըլլալուն մասին` Քազանէն որեւէ արդիւնքով դուրս չգալու փաստին առջեւ գտնելով իրենք զիրենք: Ազրպէյճանի ղեկավարը` նախագահ Ալիեւ պարտի բացատրութիւն տալ իր կատարած աննախադէպ յայտարարութիւններուն, որոնք Քազանը կը նկատէին Արցախի լուծման վերջին կարելիութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ուղերձը` երիտասարդ սպաներու համաժողովին, բարացուցական էր այն առումով, որ դուրս գալով համաժողովի սրահի դռներէն, արագօրէն կը բախէր պաշտօնական Պաքուի ամենաբարձր մակարդակի դռները, ուր գործող պաշտօնատարները կը փութային մեկնաբանելու նախագահ Սարգսեանի ելոյթը` զայն նկատելով ներքին շուկային ուղղուած խօսք: Ընդհանրապէս Պաքուի ղեկավարներուն ռազմաշունչ յայտարարութիւնները կը մեկնաբանուէին նման միտումներով: Այժմ ազրպէյճանական փորձ կը կատարուի ապակողմնորոշելու իրաւամբ ստեղծուած ընդհանուր կարծիքը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի գործուղումը Երեւան, նախագահներ Օպամա-Մետվետեւ Արցախի խնդիրին շուրջ եղած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը եւ անկէ առաջ տակաւին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը` նոր առաջարկներու շուրջ բանակցելու, յստակ դարձուցած են արդէն, որ բանակցելի հիմնարար սկզբունքներուն վրայ պիտի աւելնան նորերը:

Իրողութիւնը լաւապէս կը թուի հասկցած ըլլալ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան փորձագէտներու խումբի անդամ Ֆիքրեթ Սատիխովը, որ յայտարարած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի առաջարկներուն մէջ անպայման պէտք է տեղ գտնեն նոր նրբութիւններ. այլապէս ոչ մէկ յառաջխաղացք պիտի արձանագրուի: Կարելի չէ Ազրպէյճանին թելադրել նախապէս անկարելի պայմաններ: Եթէ դարձեալ պիտի կրկնուին այս բոլորը, ինչ որ եղած է նախորդ հանդիպումներուն ընթացքին, ապա ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգինք, ըսած է  Սատիխով:

Ճի՛շդ է այս բանաձեւը: Ի հարկէ, ոչ թէ իրաւացի է Սատիխովը, այլ ճիշդ է անոր գնահատականը`  տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին: Ազրպէյճանցի փորձագէտը կը հաստատէ ռուսական միջնորդութեան գերակայութիւնը. տակաւի՛ն, կը հաստատէ նաեւ, որ ռուսերը մատրիտեան նորացուած սկզբունքներուն աւելցուցած են նոր առաջարկներ, որոնք յայտնապէս ազրպէյճանանպաստ չեն թուիր ըլլալ: Եզրակացնելու համար, որ ռուսական հովանաւորութեամբ նման ընթացք մը չի կրնար տեղաշարժ ապահովել բանակցութիւններուն:

Ազրպէյճանցի փորձագէտին կատարած գնահատականին համահունչ է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը, կատարուած` երկրի կառավարութեան նիստին, եւ որ կը վերաբերէր մատրիտեան նորացուած սկզբունքներուն: Ըստ Ազրպէյճանի նախագահին, «սկսան առաջ քշուիլ նոր առաջարկներ»: «Երբեմն այդ առաջարկները կը փոխէին վերջին եօթը տարուան ընթացքին մեր վարած բանակցութիւններու էութիւնը եւ հիմնական սկզբունքները», վստահեցուցած է Ալիեւը եւ աւելցուցած. «Այդ իսկ պատճառով, մենք այժմ կը բախինք նոր իրավիճակի հետ»:

Այլեւս պարզ է, որ մենք կը խօսինք վերստին նորացուած (կամ նորա-նորացուած) հիմնարար սկզբունքներուն մասին: Առաջին հայեացքով այս խնդիրին չառնչուող լրատուութիւն մը հետզհետէ մտածել կու տայ, որ Ազրպէյճանի թիւ մէկ դաշնակիցը եւս գիտակցած է այսօրուան իրադրութեան էութեան: Այսպէս. Թուրքիան կը սկսի 12.7 միլիմեթր տրամաչափի «Իսթիքլալ» դիպուկահար հրացանի արտադրութիւնը, որ նախագծած են ազրպէյճանցի մասնագէտները:

Դիպուկահար հրացաններու պատրաստութիւնը, պարզ եւ արագ տրամաբանութեան համար, նախ անշուշտ բանակցային գործընթացին համար չէ եւ երկրորդ` պատերազմի վերսկսման յատուկ միջոց չէ: Լրատուութիւնը աւելի շատ կը համապատասխանէ ներկայ գոյավիճակը (սթաթիւս քոն) շարունակելու: Աւելի ճիշդը` ներկայ շփման գիծին վրայ ազրպէյճանական հրադադարի խախտումները շարունակելու:

Share this Article
CATEGORIES