ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում մը` իսրայէլեան ուժերուն, լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ: Քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող կացութիւնը եւ թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներու նշանակումները պիտի կատարուին կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին: Ան աւելցուց, որ պայման չէ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնը մարոնի համայնքին պատկանի. «Մեզի համար ատակ անձնաւորութիւնը իր ճիշդ պաշտօնին վրայ նշանակելն է կարեւորը», շեշտեց Շարպել:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ դատական ատեանի նախագահ, դատախազ Անթոնիօ Քասիզի յայտնեց, որ ատեանին կողմէ նախնական ամբաստանութեան արձակումը լիբանանցիներուն, լիբանանեան պետութեան եւ միջազգային արդարութեան համար վճռորոշ պահ մը կը նկատուի:
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ սպայ մը կը վկայէ, որ 2006-ի պատերազմին Իսրայէլ մեծ սխալներ գործեց եւ սուղ վճարեց իր գործած սխալներուն գինը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց փորձառութիւնը փաստած է, որ Հըզպալլա իր ոչ մէկ կեցուածքին յանձնառու կը մնայ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի մշակէ ազգային ամբողջական ծրագիր մը` դէմ դնելու համար Իսրայէլին, որ Լիբանանի իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւն կը կատարէ:
ՊԵՆԶԻՆԻ թիթեղին սակը սղած է 200 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը նուազած` 200 լ. ոսկիով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին հրապարակած «Ուիքիլիքս»ի փաստաթուղթերուն շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնած է, որ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա տկար անձնաւորութիւն մըն է եւ արժանի չէ իր պաշտօնին:
«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ»Ի բացայայտումներուն ծիրին մէջ, արդարութեան նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժար Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Միշել Սիսընին յայտնած է, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի չարտօնեն դատախազ Սաքըր Սաքըրի վտարումը` մտահոգութիւն յայտնելով սակայն, որ ան կրնայ հրաժարիլ` ճնշումներու պատճառով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան անոր ատելութիւնը` Լիբանանի իշխանութենէն դուրս մնալուն պատճառով:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ կառավարութիւնը երկրին քարիւղի հարստութեան թղթածրարը պէտք է նկատի ունենայ իբրեւ հրատապ հարց:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆատի Աաուար յայտնեց, որ յառաջիկայ քանի մը ժամերուն կարելի պիտի ըլլայ լուծել կառավարութեան մէջ Թալալ Արսլանի հրաժարականով թափուր մնացած տիւրզի աթոռին հարցը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Հիւսէյն Մուսաուի յայտնեց, որ դիմադրութեան մարտիկներուն դէմ արձակուած ամբաստանութիւնը 2006-ի յուլիսեան պատերազմին շարունակութիւնը կը նկատուի:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հրապարակելիք ամբաստանութիւնները թիրախ պիտի դարձնեն 14-էն 17 անձնաւորութիւններ:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ շաբաթ օր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ամշիթի իր բնակարանին մէջ պիտի ընդունի զօր. Միշել Աունը, որուն ի պատիւ ընթրիք մը պիտի սարքէ: Կը նախատեսուի, որ նախագահ Սլէյման կարեւոր կեցուածք մը արտասանէ յառաջիկայ 1 օգոստոսին` լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քաթար կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին հեռաձայնային երկար հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ` շեշտելով, որ այս հանգրուանին պէտք է պահպանել Լիբանանի խաղաղ իրավիճակը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պատըր Ուաննուս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է ՄԱԿ-ին վստահի Լիբանանի ծովային սահմաններուն ճշդումը, այլապէս` Լիբանան պիտի կորսնցնէ իր իրաւունքները:
ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին ներկայացուց լիբանանցիներուն կողմէ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:

