ՄԱՆՍՈՒՐ ԵՒ ՀԱՍԱՆ ԽԱԼԻԼ ԸՆԴՈՒՆԵՑԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ծովային սահմաններուն վերաբերող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք թուրք դեսպանը յայտնեց, որ ինք իմացած է այդ մասին Մանսուրի կեցուածքը` աւելցնելով, որ ինք այս իմաստով Թուրքիոյ պաշտօնական կեցուածքը չի կրնար արտայայտել:
Էօզեըլտըզ այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան մարզին մէջ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան