«ԱՏԱԿ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ` ԻՐ ՃԻՇԴ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՎՐԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան լիբանանեան «Թելէ Լիպան» պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներուն նշանակումները պիտի կատարէ ըստ անոնց կարողութիւններուն եւ ատակութեան` հեռու մնալով ատելութենէ եւ ոխակալութենէ:

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պարագային, Փ. Մանճեան յայտնեց, որ առաջարկուած էին ուրիշ անուններ, ինչպէս` Ժիհատ Ազուր, սակայն համախոհութիւն գոյացած է երկարաձգելու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է զօր. Ուալի Սալմանը նշանակելու լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ, «որովհետեւ կարեւորը այն է, որ ըլլան լիբանանցիներ, որոնք կը գործեն բոլոր լիբանանցիներուն ծառայելու հոգեբանութեամբ եւ ազգային մտայնութեամբ», ըսաւ ան:

Այս ծիրին մէջ, Փ. Մանճեան հաստատեց, որ նոյն մօտեցումը կը վերաբերի նաեւ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնին, որուն համայնքային պատկանելիութիւնը այդքան կարեւոր չէ, ինչքան կարեւոր է ազգային ոգիով, շունչով ու մտայնութեամբ գործելու անոր նկարագիրը:

Փ. Մանճեան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի աշխատի եւ պիտի ընդառաջէ արդար դատական ատեաններուն:

Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակած նախնական ամբաստանութեան` պետական նախարարը նշեց, որ ապահովական ուժերը պէտք է իրենց պարտականութիւնը կատարեն` նկատել տալով, որ ամբաստանեալները փնտռտուքի մէջ են եւ եթէ գտնուին, ապա պիտի ձերբակալուին ու յանձնուին Միջազգային դատարանին: «Լիբանանի կառավարութիւնն ու լիբանանեան դատական իշխանութիւնները ամենայն անկեղծութեամբ պիտի վարուին Միջազգային դատարանին հետ, պայմանաւ որ ան ըլլայ արդար իր գործունէութեան մէջ», շեշտեց Մանճեան:

Միւս կողմէ, քուէյթեան «Քունա» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Մանճեան հաստատեց, որ կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին ընթացքին պիտի տայ այնպիսի որոշում մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ պահպանել Լիբանանի ծովային սահմանները, ինչպէս նաեւ քարիւղի բնական հարստութիւնները:

Փանոս Մանճեան շեշտեց, որ կառավարութեան համար անհրաժեշտութիւն պիտի ըլլայ լիբանանցիներուն առօրեայ հարցերը, յատկապէս` ընկերային եւ տնտեսական բնոյթի խնդիրները, ինչպէս նաեւ ապրուստի վերաբերող հարցերը լուծել եւ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կանոնաւորել:

 

Share this Article
CATEGORIES