ՍԱՖԱՏԻ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՀԱՐԻՐԻԻՆ. «ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՄԱՅՆՔ ՄԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՄԷԿ ԱՆՁՈՎ «ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿԵԼ»

Նախարար Սաֆատի եւ դեսպան Փիեթոն

Ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Փիեթոն շեշտեց, որ Ֆրանսա կրնայ Լիբանանին զօրակցիլ ենթակառոյցի մարզին ամրապնդման իմաստով:

Փիեթոն հաստատեց, որ Ֆրանսա յանձնառու է Լիբանանի կառավարութեան հետ գործակցելու իմաստով` նշելով, որ ոչինչ կ՛արգիլէ փոփոխութեան ենթարկել այդ հեզասահ յարաբերութիւնները:

Սաֆատիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ գործող դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որ յայտնեց, թէ իրենք մեծ յոյսեր դրած են այս կառավարութեան վրայ` վերաշխուժացնելու համար երկրին տնտեսութիւնը:

Միւս կողմէ, Սաֆատի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պատասխանեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին` ըսելով, որ ինք կը մաղթէր, որ Հարիրի ներկայ ըլլար կառավարութեան վստահութեան քուէի նպատակով գումարուած խորհրդարանի լիագումար նիստերուն եւ հոն քննարկում կատարէր կառավարութեան հետ` Փարիզէն յայտարարութիւններ կատարելու փոխարէն, որովհետեւ նման երեւոյթներ իրեն վայել չեն:

Սաֆատի նկատել տուաւ, որ Հարիրի պէտք չունէր յարանուանական կիրքերը գրգռելու եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ու Մոհամետ Սաֆատիի դէմ գրգռութիւններ հրահրելու, որովհետեւ այդպիսով ան իր հօր աւանդութիւններէն շեղեցաւ եւ ճշմարտութիւնը աղաւաղեց:

Սաֆատի նշեց, որ Սաատ Հարիրի ընդդիմութեան ծրագիրը չներկայացուց, որովհետեւ ան կ՛ուզէ Լիբանանի կառավարութիւնը փողոցին մէջ տապալել եւ ոչ թէ խորհրդարանին:

Սաֆատի նկատել տուաւ, որ Հարիրիի կառավարութիւնը սահմանադրական հրաժարականով տապալած է, եւ «հոս կը փափաքիմ յիշեցնել Հարիրիին, որ Տոհայի վեհաժողովին ընթացքին միակն էի, որ մերժեցի կառավարութեան մէջ անոր որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութեան գոյութիւնը, եւ հարց կու տամ անոր, թէ ինչո՞ւ ընդունեց այդ մէկը իր նախագահած կառավարութեան մէջ»:

Սաֆատի խստիւ մերժեց Հարիրիի կողմէ սադրանքներ հրահրող բառամթերքի օգտագործումը եւ այդ մէկը վայել չնկատեց սիւննի համայնքին` աւելցնելով, որ կարելի չէ ամբողջ համայնք մը մէկ անձով «սահմանափակել». ան նաեւ ընդգծեց, որ ոչ ոք իր համայնքէն աւելի մեծ է:

 

Share this Article
CATEGORIES