Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Հինգ Դրոշմաթուղթ Հրապարակուած Է

troshm-3Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ հինգ դրոշմաթուղթ դրուած է շրջանառութեան մէջ` 29 յուլիսէն: Անոնք պատրաստուած են աջակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, որ տրամադրած է բացառիկ լուսանկարներ: Դրոշմաթուղթերէն մէկը նուիրուած է դանիացի միսիոնարներ, մեծ մարդասէրներ Քարէն Եփփէին եւ Մարիա Ճաքոպսոնի:

Troshm-1-&-2Միւս դրոշմաթուղթերուն վրայ պատկերուած են 2012-ին Պոսթընի մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին, 2003-ին Փարիզի մէջ կանգնեցուած Կոմիտասի արձանին, հայ պատմաբան, Հայկական հարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած աշխատութիւններու հեղինակ Ճոն Կիրակոսեանին եւ 1975-ին Ուրուկուէյի Մոնթէվիտէօ քաղաքին մէջ տեղադրուած Մեծ եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշարձանին լուսանկարները:

Troshm-4

Troshm-5

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )