Հայոց Ցեղասպանութեան Առցանց Թանգարանի Ծրագիր Քանատայի Մէջ
2015-ին հայութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին պիտի նշէ իր դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը` «Կը յիշեմ, կը պահանջեմ» համահայկական նշանաբանով:
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Քանատայի մարմինի կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրներէն մին է ստեղծել Մեծ եղեռնին ժամանակներէն մեզի հասած իրերու առցանց թանգարան մը` «Հարիւր վերապրած իր` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին համար» կարգախօսով:
Ծրագիրը Քանատայի հայ դպրոցներէն պիտի սկսի: Աշակերտները իրենց ծնողներուն, մեծ հայրերուն, ազգականներուն մօտ պիտի որոնեն առարկաներ, ինչպէս, օրինակ, գիրքեր, զարդեղէն, լուսանկարներ, բացիկներ, հագուստներ, գորգեր, կարպետներ եւ այլ իրեր, որոնք 1915-ի Ցեղասպանութենէն փրկուած են ու սերունդէ սերունդ փոխանցուելով` հասած են մեր օրերը, հասած են մեզի` այստեղ: Առարկաները պիտի լուսանկարուին ու աշակերտները գրի պիտի առնեն անոնց պատմութիւնը` այդպիսով ծանօթանալով ու տէր կանգնելով մեր ժառանգութեան ու պատմութեան:
Այս աշխատանքը պիտի կատարուի դպրոցներէն դուրս ալ, եւ հայ հասարակութեան պիտի դիմուի նոյն նպատակով:
Այս ծրագիրին ընդմէջէն 1915-ի Ցեղասպանութենէն փրկուած մեր մշակոյթի նիւթեղէն ժառանգութեան մասին իրազեկ պիտի դառնանք` միաժամանակ անմիջականօրէն առնչուելով մեր ընտանիքին թէ ազգի պատմութեան, բայց մանաւանդ` զայն սեփականութիւնը դարձնելով նոր սերունդին:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ
ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՄԱՐՄԻՆԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
2014 օգոստոս

