Հարցազրոյց` «Տը Քաթ» Ժապաւէնին Մասին

the-cut-4«ԱԿՕՍ».- Մեր նախորդ հարցազրոյցին ըսած էիր, թէ հայերու մասին շատ քիչ բան գիտես: Ըստ երեւոյթին, հիմա ընթացքը փոխուած է: Ուրկէ՞ ծագեցաւ 1915-ի եւ հայոց մասին ժապաւէն մը պատրաստելու գաղափարը:

ՖԱԹԻՀ ԱՔԸՆ.- Հրանդ Տինքի մասին գեղարուեստական ժապաւէնի մը ծրագիրին եւ «Ակօս»-ի մէջ լոյս տեսած 12 գրութիւններու հիման վրայ բեմագրութիւն մը գրի առած էի: Իրականութեան մէջ «աւանկարտ» ծրագիր մըն էր, բայց Հրանդին դերը ստանձնող թուրք դերասան մը չգտայ: Յայտնի է, որ ժամանակը դեռ չէ եկած: Ուրիշ երազանք մըն ալ ունէի` Ամերիկա գացող անատոլուցի շրջիկներու մասին պատմութիւն մը… Ի վերջոյ, Հրանդի մասին բեմագրութենէն կարգ մը մասեր այդ պատումին հետ միացուցի եւ յայտնուեցաւ «Տը քաթ»-ը:

«ԱԿՕՍ».- Ծանօթ եմ Սքորսեսի նկատմամբ ձեր հակումներուն: Բեմագրութիւնը Մարտիկ Մարթինի հետ գրելը բաւական յուզումնալից ըլլալու է, չէ՞:

ՖԱԹԻՀ ԱՔԸՆ.- Բեմագրութիւնը գերմաներէնով գրած էի: Երբ յայտնի եղաւ, որ ժապաւէնը անգլերէնով պիտի պատրաստեմ, ինծի թարգմանիչէն աւելի օժտուած մէկը պէտք էր: Իսկոյն մտաբերեցի Մարտիկ Մարթինը, որ նախ «աշխատանքէ դադրած եմ» ըսելով` մերժեց առաջարկս: Բայց «Տը քաթ»-ի պատմութիւնը կարդալով` ցնցուեցաւ: Ամբողջ կեանքին ընթացքին նման ժապաւէն մը երազած էր: Աշխատելու սկսաւ եւ բեմագրութիւնը անհատականացուց, ուղղեց, ա՛լ աւելի խտացուց եւ դրական իմաստով կ՛ըսեմ` ամերիկանացուց: Անվարան կրնամ ըսել, թէ Մարտիկին հետ աշխատելով` կեանքս հարստացաւ: Ան իմ ամենատարեց ընկերս է եւ ուսուցիչս:

«ԱԿՕՍ».- Ինչպէ՞ս ընտրեցիր դերասանները:

ՖԱԹԻՀ ԱՔԸՆ.- Ինչպէս նախորդ ժապաւէններուս, այս ժապաւէնին համար ալ փորձեցի լաւագոյն դերասանները գտնել: Կարելի եղածին չափ շատ հայ դերասանի հետ աշխատիլ ուզեցի: Բայց այդպիսով ալ չսահմանափակուեցայ: Գլխաւոր դերասան Թահար Ռահիմը ալճերացի մըն է, իսկ անոր կնոջ դերը խաղացող Հինտի Զահրան` մարոքցի: Թուրք դերասաններէն ալ շատ գոհ եմ: Պոլսեցի Պարթու Քիւչիւքչաղլայեանը մեծ նուիրումով կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը: Իսկ նկարները շատ տպաւորիչ են:

Ժապաւէնը կը զարգանայ գլխաւոր հերոսի ճամբորդութեան շուրջ:

Ես անձամբ կատարեցի այդ ճամբորդութիւնը` Թուրքիա, Սուրիա, Լիբանան, Քուպա, Ֆլորիտա, Մինիափոլիս եւ Հիւսիսային Տաքոթա:

Նկարահանման վայրերը ճշդեցի եւ ի վերջոյ` Յորդանանի, Քուպայի, Քանատայի, Մալթայի եւ Գերմանիոյ մէջ նկարահանելու որոշում կայացուցինք: Տեսախցիկին վրայ «անամորֆիկ» ոսպնեակ գործածեցինք եւ լայնանկիւն նկարահանեցինք:

Անշուշտ` 35 միլիմեթրի վրայ: Երազային ապրում մըն էր. խուսափեցանք տուտուկի ազգագրական հնչիւնէն. նախընտրեցի «հեւի մեթըլ» երաժշտութիւնը, քանի որ պատմուածքն ալ «հեւի մեթըլ» էր:

«ԱԿՕՍ».- Կը սպասուէր, որ ժապաւէնը «Քանն»-ի մէջ ցուցադրուի: Ինչպէ՞ս որոշեցիր Վենետիկի մասին:

the-cut-1ՖԱԹԻՀ ԱՔԸՆ.- Նախորդ ժապաւէններուս հետեւելով` ինձմէ որոշ ակնկալութիւններ կան: Ես ուրիշներու ակնկալութիւնները գոհացնելու փոխարէն` կ՛ուզեմ իմ ակնկալութիւններուս ուղղութեամբ շարժիլ: Վենետիկի կազմակերպիչները ժապաւէնը դիտեցին, ազդուեցան եւ իսկոյն փառատօնի ծրագիրին մէջ ներառեցին:

«ԱԿՕՍ».- Իսկ ժապաւէնի հայերը ինչո՞ւ համար անգլերէն կը խօսին:

ՖԱԹԻՀ ԱՔԸՆ.- «Քանն»-ի կազմակերպիչները տատամսեցնող նիւթերէն մէկն ալ ա՛յս էր: «Ինչո՞ւ ժապաւէնը անգլերէն է»: Էլիա Քազանը «Ամերիկա-Ամերիկա»-ն ի՞նչ լեզուով բեմադրեց: Հապա՞ Պերթոլուչչիի «Վերջին կայսրը»: Իսկ Փոլանսքիի «Դաշնակահար»-ին մէջ, լեհերը լեհական հնչիւնով անգլերէն, գերմանացիները` գերմաներէն, ռուսերն ալ ռուսերէն կը խօսէին…

«ԱԿՕՍ».- «Ակօս»-ի մէջ երբեմն կը խօսինք. «Ողջակիզումը պատմող կարեւոր ժապաւէններ եղան: 1915-ը արժանի կերպով բեմադրող մը չեղաւ»: Յետոյ աշխատութեանդ մասին լսեցինք եւ յուզուեցանք: Դուն ի՞նչ կը խորհիս այս մասին:

ՖԱԹԻՀ ԱՔԸՆ.- Նախ ըսեմ, որ այս մէկը Ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն մը չէ:

Ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն մը կրնա՞յ ըլլալ, ատոր վստահ չեմ: Իմ որդեգրած ոճս «ուեսթըրն»-ն է: Սերճիօ Լէօնէի կամ Ճան Հիւսթընի աւանդութեան կը հետեւիմ: Ատոմ Էկոյեան քանի մը տարազ փոխ տուած էր, բայց չեմ կրնար ըսել, թէ ժապաւէնը «Արարատ»-ի հետ նմանութիւններ ունի: Ամենամեծ ներշնչումս Էլիա Քազանի «Ամերիկա-Ամերիկա»-ն է: Ոմանք այդ ժապաւէնն ալ Ցեղասպանութեան ժապաւէն համարած են, բայց ես չեմ բաժներ այդ կարծիքը:

«ԱԿՕՍ».- Թուրք շարժապատկերի սիրահարներուն կը ներկայացնես պատմութեան ամենամութ էջերէն մէկը: ժապաւէնը հետաքրքրութեամբ կամ մտահոգութեամբ սպասողներուն ի՞նչ կրնաս ըսել:

ՖԱԹԻՀ ԱՔԸՆ.- Մայքըլ Ճեքսընի «Թրայլըր» երգի տեսահոլովակի վերջաւորութեան Ճեքսընի ընկերուհին սարսափած կը պոռչտայ: Յանկարծ Ճեքսըն կը յայտնուի եւ` «այս ժապաւէն մըն է միայն» կ՛ըսէ: Ես ալ մտահոգութեամբ սպասողներուն նոյն պատասխանը պիտի տամ: Բայց վստահ եմ, որ թուրք հանդիսատեսը, որուն մէկ մասնիկն ալ ես եմ, պատրաստ է այս ժապաւէնը դիտելու: Այս տեսակ ժապաւէն մը անշուշտ բռնութիւն պիտի պարունակէ, բայց ամէն երեկոյ մեր հետեւած օրուան լուրերն ալ նուազ բռնութիւն չեն պարունակեր: Ի վերջոյ, ես ժապաւէնը քաղաքական հեռանկարով մը չէ որ կը նկարեմ: Կ՛ուզեմ, որ ժապաւէնս արժանի կերպով ներկայացուի Թուրքիոյ մէջ, եւ մարդիկ հանգստաւէտ մեծ դահլիճներու մէջ դիտեն այս ժապաւէնը ու իրենք գնահատեն: Եթէ յաջողինք, ապա կը նշանակէ, որ ժողովրդավարական հասարակութիւն մըն ենք: Ապա թէ ոչ` վախն է, որ մեզ կը ղեկավարէ եւ մենք սատանայի խաղալիքն ենք դեռ:

Share this Article
CATEGORIES