Թուրք Բեմադրիչին «Հատում» Ժապաւէնը Պիտի Ցուցադրուի Վենետիկի Փառատօնին

the-cut-3Ծագումով թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի` Հայոց ցեղասպանութեան մասին նկարահանած շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի Վենետիկի փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 27-6 սեպտեմբեր:

Աքընի «Հատումը» (The Cut) շարժապատկերը կը ներկայացնէ Նազարէթ Մանուկեանին պատմութիւնը: Ցեղասպանութենէն փրկուելէ ետք Նազարէթ կ՛իմանայ, որ իր զոյգ դուստրերը ողջ են, ուր կը սկսի փնտռելու զանոնք:

Տահար Ռահիմ «Հատում»-ի գլխաւոր դերակատարն է: Դերեր ստանձնած են նաեւ Սիմոն Աբգարեան, Արսինէ Խանճեան եւ ուրիշներ: Բեմագրութիւնը Աքինի ու Մարտիկ Մարտինի գործն է: Շարժապատկերը, որ 138 վայրկեան տեւողութիւն ունի, անգլերէնով է:

the-cut-2«Հատում»-ը նաեւ պիտի ցուցադրուէր Քաննի փառատօնին, սակայն բեմադրիչը վերջին պահուն, անձնական պատճառներով, դուրս բերած էր զայն ցուցադրուող շարժապատկերներու ցանկէն:

Համպուրկ ծնած Աքին Եւրոպայի ականաւոր բեմադրիչներու շարքին կը նկատուի: Անոր բեմադրած շարժապատկերները արժանացած են միջազգային մրցանակներու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES