Հանդիպում

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ձախէն աջ` Պօղոս Շահմելիքեան, Հուրիկ Թուխանեան-Ճէյքապսն եւ Անի Ղարիպեան

Ձախէն աջ` Պօղոս Շահմելիքեան, Հուրիկ Թուխանեան-Ճէյքապսն եւ Անի Ղարիպեան

Որոշած էինք այս ամառ ընտանիքով Պէյրութ այցելել: Կարօտցած եմ: Տակաւին հոն ունիմ որոշ թիւով դասընկերներ, ընկերներ, երաժիշտ բարեկամներ, անձեր, որոնց հետ ծանօթացած եմ… ե նամակով, սակայն այնքան հարազատ ու մօտիկ կը զգամ իրենց: Որոշած ենք, սակայն… Կամքէ անկախ պատճառներով մեր ճամբորդութեան ուղղութիւնը կը փոխենք ու կ՛երթանք վայր մը, որ բնաւ չի յիշեցներ Լիբանանը: Հիւսիս-արեւելեան Ամերիկայի կեդրոնական շրջանը:

Բնաւ չեմ սիրեր օդանաւով ճամբորդել: Չկարծէք, թէ կը վախնամ օդանաւ նստելէ. պարզապէս անտանելի են ապահովութեան համար չափազանցուած նախազգուշութիւնները: Թռիչքէն ժամեր առաջ օդակայան երթալ, երկար սպասել, որ պայուսակները օդանաւ ղրկուին, անցնիլ ապահովութեան ստուգման վայրէն, կօշիկները հանել, գրպանները պարպել, ձեռքերդ վեր` անցնիլ «տուփիկ»-ին մէջէն, ու վա՛յ եկեր է, եթէ անուշադրութեամբ գրպանդ քանի մը սենթ մնացած ըլլայ: Գործիքը այնպէս զօրաւոր կը զարնէ. որ սոսկում կը պատճառէ: Ամէն կողմէ կը պաշարեն քեզ` կարծես մեծ «յանցաւոր» մը բռնած ըլլան:

Արդէն հասած ենք Շիքակոյի օդակայանը: Կը վերցնենք մեզի վերապահուած վարձու ինքնաշարժը, ապա կ՛ուղղուինք դէպի պանդոկ: Լոս Անճելըսի նման` ճամբաները խճողուած են:Անծանօթ պողոտաներ, բարձր շէնքեր, ինքնաշարժներու անհատնում եռուզեռ, ու քաղաքամէջէն անցնելով` արդէն հասած ենք պանդոկ:

PICT0031Յաջորդ օրը, կէսօրուան մօտ, ճամբայ կ՛ելլենք դէպի հիւսիս ու կը հասնինք Ռէյսին Ուիսքանսըն, ուր փոքրիկ հայկական գաղութ մը ունինք: Երաժշտութեան երկար տարիներու բարեկամներէս Ստեփան Ֆրունճեան հոն հաստատուած է 1978-էն ի վեր: Երկուստեք կը փափաքինք անպայման հանդիպիլ: Ժամանակնիս կարճ է. քանի մը ժամ ետք արդէն իր տան առջեւ ենք: Աւելի քան երեք տասնամեակ է` զիրար չենք տեսած: Ճիշդ է` հեռաձայնով յաճախ կապի մէջ ենք, սակայն անձամբ տեսնուիլը տարբեր համ մը ունի: Երկուքիս ընտանիքներու անդամները զիրար առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնեն: Օրը երկուշաբթի է: Ստեփան Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան մաս կը կազմէ եւ եկեղեցւոյ բանալին ունի իր քովը: Կը մտնենք մատուռ: Մոմ կը վառենք ու  «Հայր Մեր»-էն ետք կը մեկնինք: Գեղեցիկ քաղաք է Ռէյսին, այնքա՛ն տարբեր Լոս Անճելըսէն: Հանդարտ է, անծայրածիր կանաչ դաշտեր, առանձին տուներ. կարծես գիւղ մը ըլլար: Վարժուած ենք խճողուած քաղաքին ուստի քիչ մը խորթ կը թուի այդ հանդարտութիւնը:

PICT0029Ուիսքանսըն նահանգի մէջ գտնուած ատեննիս քանի մը անգամ անձրեւեց: Յուլիս ամսուան վերջին օրերն էին. մեզի համար քիչ մը տարօրինակ. Լոս Անճելըս նոյնիսկ ձմրան, մանաւանդ այս տարի, հազուագիւտ են անձրեւները: Ամերիկա ընդարձակ երկիր ըլլալուն, տարբեր կլիմաներ ունի, նոյնպէս` ժամեր: Տարբեր նահանգներ այցելելով, մեր ժամացոյցը քանի մը անգամ երկու կամ երեք ժամ ետ ու առաջ կը տանինք: Ամերիկա իսկական այլազանութեան երկիր մըն է ո՛չ միայն ժողովուրդով ու տարբեր լեզուներով, այլ նաեւ կլիմայով ու ճարտարապետութեամբ:

Քանի մը ժամ ետք ճամբայ կ՛ելլենք: Օրական քանի մը ժամ քշելով` կ՛անցնինք քաղաքէ քաղաք, նահանգէ նահանգ: Իլինոյէն` Ուիսքանսըն, Օհայօ, Ինտիանա, եւ վերջապէս` Միշիկըն: Անհամբեր եմ հասնելու Տիթրոյիտ, որ իրականութեան մէջ անհրապոյր քաղաք մըն է, սակայն երկար տարիներ եղած է Ամերիկայի ճարտարարուեստի քաղաքը:

Ամէն տարի մէկ ու կէս միլիոն անձեր կ՛այցելեն Ֆորտ ինքնաշարժներու գործարանը: Հենրի Ֆորտ ծնած է 1863-ին եւ մահացած` 1947-ին: Բարձրագոյն ուսում բնաւ չէ ստացած: Դպրոցը լքած է 6-րդ դասարանին: 13 տարեկանին իր հայրը կը նուիրէ ժամացոյց մը: Ֆորտ, հետաքրքրուած, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատի ժամացոյց մը, կտորները քակելով, քանի մը վայրկեան ետք կը վերակազմէ զայն: Մերժած է իր հօրը նման հողագործ դառնալ: Քանի մը տարի կ՛աշխատի որպէս մեքենագէտ` շոգիով աշխատող մեքենաներ նորոգելով, եւ հոն է, որ տեսիլքը կ՛ունենայ հնարելու  փոխադրակառք մը առանց ձիեր օգտագործելու, ու կը կը հիմնէ Ֆորտ ինքնաշարժներու գործարանը:

Ֆորտ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնուհին հայուհի մըն է, Փաթրիսիա Մուրատեան:

Տիթրոյիտ երկար տարիներ եղած է ճարտարարուեստի կեդրոն, ի մասնաւորի  Ֆորտ, Ճն. Էմ. եւ Քրայզլըր ինքնաշարժներու գործարաններու, որոնք համայն աշխարհին կը մատակարարէին ամերիկեան ինքնաշարժներ: Այժմ պատկերը բոլորովին տարբեր է: Ճափոնական ինքնաշարժները ողողած են միջազգային շուկան: Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ քիչ են տեղական ինքնաշարժները: Տիթրոյիտ քաղաքը կը գտնուի տնտեսական լուրջ տագնապի մը յանդիման: «Աւա՜ղ փառացս անցաւորի»:

* * *

Տիթրոյիտ ունիմ երկու դասընկերուհիներ` Հուրիկն ու Անին: Անհամբեր ենք իրարու  հանդիպելու եւ հոն հասնելնէս քանի մը ժամ ետք մեր պանդոկը կը մտնեն Անին եւ Հուրիկը, վերջինս ընկերակցութեամբ իր ամուսնոյն` Պապին եւ իր երկու եղբայրներուն` Հրայր եւ Սեպուհ Թուխանեաններուն, որոնք անունով միայն կը ճանչնայի: Գրիչով անկարելի է բացատրել յուզումն ու ուրախութիւնը: Զիրար չենք տեսած աւելի քան չորս տասնամեակներ:

Առաջին վայրկեաններու յուզումը չքացած է, սակայն ուրախութիւնը մնայուն է: Այնքան պատմելիք ունինք իրարու, հինէն, նորէն, անցեալէն ու ներկայէն: Կինս` Ազնիւը, տեսնելով մեր ուրախութիւնը, մեզմէ աւելի երջանիկ է: Նոյնն է պարագան Հուրիկին ամուսնոյն` Պապին:

Կ՛ուղղուինք Միշիկըն լիճի կողքին գտնուող պանդոկի մը բացօթեայ ճաշարանը:  Գինիի գաւաթները, ճաշի պնակներուն նման, դատարկ չեն մնար: Կը վերանորոգուին անդադար: Քանի գինիի գաւաթներուն պարունակութիւնը կը պակսի, այնքա՛ն կը բարձրանան տրամադրութիւնները:

Դասընկերներս վանեցիներ են, եւ վանեցիներու յատուկ հպարտ` Խրիմեան Հայրիկով: Ես` հօրս կողմէ երզնկացի, նմանապէս հպարտ` Սողոմոն Թեհլիրեանով, ու ահա, առաջին անգամ ըլլալով, կը ծանօթանամ Հրայր Թուխանեանին, որ տարիներ առաջ պատրաստած է «Էսայնմընթ Պերլին» անգլերէնով ժապաւէնը, ուր կը ներկայացուին Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնն ու ազատ արձակուիլը: Հրայր Թուխանեան եղած է առաջին անձը` Սողոմոն Թեհլիրեանը օտարներուն ծանօթացնող եւ ինքնաբերաբար ինծի համար դարձած է հերոս մը:

Տարբեր շրջաններ ու գաւառներ ունեցած են հերոսամարտեր, եւ այդ պատճառով ալ այդ շրջանի մարդիկ միշտ հպարտ եղած են իրենց հերոսներով: Սեբաստացիք հպարտ են Մուրատով, Սասունցիք` Գէորգ Չաւուշով, սակայն Երզնկա չէ ունեցած որեւէ հերոսամարտ: Պատերազմի առաջին օրերէն հիմնովին կոտորուած ու տեղահան եղած են, սակայն բարեբախտաբար պատերազմէն ետք ունեցան Սողոմոն Թեհլիրեանի նման վրիժառու բազուկ մը, որ դարձաւ երզնկացիներուն ու համայն հայութեան պաշտելի հերոսը:

Վանեցիներ ու Երզնկացի մը, երկու ամերիկածիններ` Հուրիկին ամուսինն ու տղաս, բոլորուած ենք սեղանի մը շուրջ, ուր առատ է գինին: Հրայր ձախիս նստած է: Իր գինիի գաւաթը լեցուցած ժամանակս առանց զգալու ցած ձայնով կը սկսիմ երգել:

«Թալէաթ փաշան փախաւ Պերլին».

Ինքնաբերաբար բոլորը միաբերան կը շարունակեն,

«Թեհլիրեանը հասաւ ետին,
Զարկաւ ճակտին, փռեց գետին, գինի լից
Ընկեր ջան, գինի լից, խմողաց անուշ»:

Ու անմիջապէս ետք`

«Խրիմեան Հայրիկ, անունդ Մկրտիչ,
Դու պիտի լինես, Հայրիկ ճան,
Հայ ազգի փրկիչ»:

Ձայները կամաց կամաց կը բարձրանան:

«Դե՛հ զարկէք, զարկէք, դե՛հ զարկէք քաջ քաջ,
Դաշնակցութեան սուրբ դրօշին տակ
Մենք կ՛երթանք յառաջ»:

Մոռցած ենք, որ հայկական ակումբի մը մէջ չենք գտնուիր: Ամերիկայի մէջ, պանդոկի մը բացօթեայ ճաշարանի մը մէջ ենք, ուր մարդիկ իրարու  հետ այնքան ցած կը խօսին, որ հազիւ կը լսուի իրենց խօսակցութիւնը:

Ամէն մարդ հետաքրքիր մեզ կը դիտէ, սակայն` ոչ մէկ գանգատ: Սպասեակ օրիորդը կը մօտենայ ու մեզի կը հարցնէ «Ի՞նչ լեզուով կ՛երգենք եւ ինչի՞ մասին է երգը»: Հաւանաբար ներկաներէն մէկը հետաքրքրուած է, ու ղրկած է մեզ մօտ լուսաբանուելու: Հպարտութեամբ կը պատասխանենք,թէ հայերէն է, սակայն երգերուն նիւթի մասին, որքան ալ հպարտ, ինչպէ՞ս կրնանք բացէ ի բաց յայտարարել, թէ կը խմենք կենացը վրիժառու անձի մը, որ սպաննած է Թալէաթ փաշան, որ պատճառ դարձած է մէկ ու կէս միլիոն հայերու մահուան ու տեղահանութեան. կամ` կը խմենք կենացը կաթողիկոսի մը, որ կը հրահրէ իր ժողովուրդը «Դե՛հ զարկէք, զարկէք, դե՛հ զարկէք քաջ քաջ»: «Քաղաքակիրթ» ամերիկացիին համար այդ մէկը անհասկնալի է: Կը գոհանանք` ըսելով, թէ ազգային երգեր են:

Ճաշարանէն կ՛ելլենք` քիչ մը քալելու լիճին եզերքը: Կը նշմարեմ, թէ ճաշարանի մէջ գտնուողներուն գրեթէ բոլորին աչքերը մեզի յառած են: Վստահաբար կը մտածեն: Որո՞նք էին այս անձերը, որ համարձակութիւնը ունեցան ճաշարանի մը մէջ խմբովին երգելու: Եթէ միայն կարողանայինք բացատրել, թէ ո՛վ է Սողոմոն Թեհլիրեան, որ սպաննած է Թալէաթ փաշան: «Ես մարդ սպաննեցի, սակայն ես մարդասպան չեմ» (Սողոմոն Թեհլիրեան): Արդեօք պիտի գա՞յ օրը, երբ հասկնան տարբերութիւնը տեռորիստին եւ մարդասպանին: Պիտի հասկնա՞ն, թէ տեռորը իտէալ է, վեհութիւն ու անձնազոհութիւն`  հայրենիքի սիրոյն: Պիտի կարենա՞ն հասկնալ, թէ Խրիմեան Հայրիկի նման կրօնապետ մը` մէկ ձեռքին խաչ, «երկաթէ շերեփ» կը քարոզէ իր ժողովուրդին: Երբ իրենց հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար ըսինք թէ կ՛երգէինք ազգային երգեր,  հայրենասիրական երգեր, վստահաբար կարծեցին թէ կ՛երգենք մեր հայրենիքի գեղեցկութեան մասին: Հայրենիքի գեղեցկութենէ աւելի վեհ ու բարձր երգեր էին մեր երգած երգերը: Որքան ալ բացատրենք, կարողութիւնը պիտի չունենան հասկնալու մեր հերոսներու անձնազոհութիւնը: Պիտի չկարենան հաւատալ, թէ Թեհլիրեան սպաննելէն ետք Թալէաթը կարելիութիւն ունէր փախչելու, սակայն մնաց իր տեղը: Իրեն թելադրուած էր չփախչիլ եւ յանձնուիլ ոստիկանութեան, որպէսզի դատավարութեան ժամանակ  աշխարհին յիշեցնէ, թէ ո՛վ էր Թալէաթ եւ ինք ինչո՞ւ սպաննեց զայն: Յիշեցուց, թէ ինք տեռորիտ մըն է եւ ոչ թէ` ոճրագործ մը: Արդեօք որքա՞ն պիտի կրնան ըմբռնել, թէ կրօնապետ մը, եկեղեցիի կողքին, պիտի զբաղի հայ ազատագրական պայքարով: Միայն իրաւազրկուած ժողովուրդի մը զաւակները կրնան հասկնալ այս բոլորը: Միայն հայ մը կրնայ հասկնալ:

«Դե՛հ զարկէք, զարկէք, դե՛հ զարկէք քաջ քաջ»
«Զարկա՛ւ ճակտին, փռեց գետին, գինի լից,
խմողաց անուշ»:

 

Լոս Անճելըս 2014

Share this Article
CATEGORIES