Ըստ Գալուստ Սահակեանի. «Բազէ»-ի Նման Երիտասարդական Հաւաքները Կը Զօրացնեն Հայաստանի Պետութիւնը

0820paze20 օգոստոսին «Բազէ» համահայկական երիտասարդական հաւաքին կողմէ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան: Խորհրդարանի նախագահը, ողջունելով հաւաքին մասնակիցները, նկատել տուաւ, որ «Բազէ»-ի  կազմաւորման հանգրուանին մէջ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ ինք: «Մենք միշտ ալ վստահ եղած ենք, որ «Բազէ» ծրագիրը պէտք է տեղի ունենայ, եւ ատիկա տարուէ տարի կ՛ամրապնդուի եւ կ՛ուժեղանայ: Ուժեղներուն ե՛ւ կը յարգեն, ե՛ւ կը փորձեն քննադատել: Այսպէս է կեանքին օրէնքը: Մեր ազգին մէջ բազէները շատ են` աշխարհի տարբեր ծայրերը: Անոնք տարին անգամ մը կը հաւաքուին «Բազէ»-ի ծիրին մէջ` արտայայտուելու, բացայայտելու իրենց կարողութիւնները: Որեւէ նման երիտասարդական հաւաք կը զօրացնէ մեր պետութիւնը», նշեց Գալուստ Սահակեան` ընդգծելով, որ երիտասարդներու պայքարին մէջ կը յաղթէ գաղափարը, միասնութիւնը, որ պէտք է ծառայէ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին:

Ազգային ժողովի նախագահը պատասխանեց նաեւ երիտասարդներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին սահմանադրական բարեփոխումներուն, խորհրդարանին մէջ քաղաքական ուժերու համագործակցութեան եւ այլ խնդիրներու:

Խօսելով պետական կառավարման մարմիններուն մէջ երիտասարդներու ներգրաւուածութեան մասին` Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծեց, որ պետական մարզին մէջ աշխատողներուն աւելի քան 60 առ հարիւրը մինչեւ 35 տարեկան է: Խորհրդարանին մէջ ձեւաւորուած է երիտասարդական խորհրդարան, ուր ներգրաւուած երիտասարդներուն ներուժը նոյնպէս կ՛օգտագործուի:

Անդրադառնալով սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերող հարցումին` Գալուստ Սահակեան նկատել տուաւ, որ խնդիրը կը քննարկուի, եւ հաշուի կ՛առնուի այն, ինչ որ քաղաքական ուժերու կողմէ աւելի ընդունելի կ՛ըլլայ: «Մենք այդ ճամբով պէտք է երթանք, որպէսզի քաղաքական դաշտը աւելի հզօրանայ»,  ըսաւ Սահակեան:

Խորհրդարանի նախագահը դիտեց նաեւ բազէականներուն մշակութային եւ մարզական մրցումները:

Նշենք, որ «Բազէ» հաւաքը սկսած է 18 օգոստոսին: Ատիկա կազմակերպած է Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը: Հաւաքին կը մասնակցին մօտաւորապէս 500 երիտասարդներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:

Share this Article
CATEGORIES