Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Վերադարձաւ Ա. Դասակարգ` Իբրեւ Ախոյեան

PROFOTO
ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց խումբը երէկ երեկոյեան իբրեւ Բ. դասակարգի ախոյեան վերադարձաւ Ա. դասակարգ, երբ աւարտականին իր կատարած մրցումին 49-44 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շապապ Արապիին, 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը:
Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.
ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Դասակարգի Ախոյեան
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը` ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Շապապ Արապիի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթած էր իր մրցակիցին, երէկ եւս յաղթեց 49-44 արդիւնքով:
Այսպիսով, երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրելով ՀՄԸՄ Պէյրութ հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ վերադարձաւ Ա. դասակարգ, նոյնինքն Շապապ Արապիի հետ:
Մրցումին աւարտին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց ախոյեանութեան տիտղոսը ստացան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի հաշուապահ, ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեանէն:
Սապունճեան կը ներկայացնէր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարը, որ երկրէն դուրս կը գտնուէր:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Պէյրութը` Ա. դասակարգ անոր վերադարձին առիթով:

