«Մինսքի Ժողովը Ուքրանական Տագնապը Լուծելու Քայլ Մըն Է» Կ՛ըսէ Նարիշքին

Սերկէյ Նարիշքին
Ռուսական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին յայտնեց. «Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ յառաջիկայ շաբաթ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն միջեւ գումարուելիք ժողովը ուքրանական տագնապը լուծելու քայլ մըն է»:
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Քիեւ Միջազգային կարմիր խաչէն մարդասիրական օժանդակութիւնները փոխադրելու պատրաստակամութեան հաստատում ստանալէն ետք` կը պատրաստուի ռուսական մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող բեռնակառքերուն անցքը արտօնելու»:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Քիեւի այս որոշումը հիմնուած է իր այն համոզումին վրայ, որ Լուկանսքի տրամադրուող մարդասիրական բոլոր օժանդակութիւնները, ներառեալ` այլ պետութեանց եւ միջազգային կազմակերպութեանց կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնները պէտք է Միջազգային կարմիր խաչի կողմէ փոխադրուին:

