Ըստ «Ուաթան»-ի. Քաթարի Վարուելակերպին Նկատմամբ Արաբական Վերապահութիւն Գոյութիւն Ունի
Աղբիւրներ սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ռիատի համաձայնութեան կէտերու գործադրութեան նկատմամբ Քաթարի յանձնառութիւնը կրնայ մասնակի ըլլալ, որովհետեւ Տոհա կ՛ուզէ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ անկախ ըլլալ:
Օրաթերթը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ մօտ օրէն Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու նախարարական մակարդակի ժողով մը պիտի գումարուի` այդ հարցին շուրջ վերջնական վճիռ մը գոյացնելու համար, սակայն այդ ժողովին թուականը տակաւին չէ ճշդուած:
Արաբական լիկայէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ուաթան»-ին յայտնած է, որ Քաթարի վարուելակերպին նկատմամբ արաբական վերապահութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով. «Այդ վերապահութիւնը թերեւս խզումի կամ Տոհայի` Արաբական լիկայի անդամակցութեան սառեցման չհասնի»:
CATEGORIES Միջազգային

