ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Գլխատուած Ամերիկացի Լրագրողը Փրկելու Գործողութիւն Մը Ձախողած Է
Պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ ամերիկեան ուժերը փորձած են լրագրող Ճէյմս Ֆոլին եւ այլ ամերիկացի պատանդներ փրկել գաղտնի գործողութեամբ մը, որուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ բախում ունեցած են, սակայն վերջաւորութեան ի յայտ եկած է, որ պատանդները գործողութեան թիրախ դարձած վայրին մէջ չեն գտնուիր:
Նախագահ Պարաք Օպամայի արտօնութեամբ գործողութիւնը կատարուած է այս ամրան ընթացքին` հիմնուելով ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններու տեղեկութեանց վրայ:
Ֆոլիի ընտանիքը «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ նախապէս Ֆոլիի համար Ուաշինկթընէն 100 միլիոն ամերիկեան տոլար պահանջած է: Միացեալ Նահանգներ մերժած են վճարել փրկագինը: Կը նշուի նաեւ, որ Ուաշինկթըն դժուարին կացութեան մէջ է. այժմ ալ իսլամականները կը սպառնան սպաննել «Թայմ»-ի լրագրող Սթիվըն Սոթլոֆը:
Իսլամականներուն մօտ նաեւ կայ բրիտանացի պատանդ մը, որուն համար Լոնտոն եւս կը մերժէ փրկագին վճարել:
Միւս կողմէ, աղբիւրներ բրիտանական «Սան» օրաթերթին յայտնեցին, որ ամերիկացի լրագրողը գլխատած զինեալը հաւանաբար Լոնտոնէն է եւ անոր անունը Ճոն է: Վերջինս ղեկավարն է բրիտանացի երեք ժիհատականներու, որոնց պարտականութիւնն է Ռաքքայի մէջ օտարահպատակ պատանդներուն հսկել:
Ան այս տարուան սկիզբը բանակցած է ազատ արձակելու համար 11 պատանդներ, որոնց փրկագինը գանձելէ ետք զանոնք յանձնած է թուրք պաշտօնատարներու:
Ան 2012-ին Սուրիոյ մէջ կորսուածներէն է:

