Քուէյթ Ձերբակալեց Սուրիոյ Մէջ Ժապհաթ Նուսրան Ֆինանսաւորողներէն Մէկը

0821_KuwaitՔուէյթի ապահովական ուժերը ձերբակալեցին 26-ամեայ Հըժաժ պըն Ֆահըտ Աժամին, երբ ան Քաթարէն հասաւ Քուէյթի օդակայան:

Աժամի Սուրիոյ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումը ֆինանսաւորողներէն մէկն է: Ան այն վեց ծայրայեղականներէն է, որոնց անունը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը անցեալ ուրբաթ օր Քայիտայի հետ իրենց առնչութեան համար ներառեց միջազգային պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ:

Միւս կողմէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխան Խալիֆա պըն Զայետ Ալ Նահիան վաւերացուց նոր օրէնք մը` խստացնելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարը: Նոր օրէնքով հաստատուած պատժամիջոցներուն շարքին է պետութեան ղեկավարին կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութեան ղեկավարներուն դէմ յարձակումի, կամ ահաբեկչական կազմակերպութիւն հիմնելու համար մահապատիժը:

Օրէնքը նաեւ կը բովանդակէ 70 յօդուածներ, որոնք մահապատիժ կը նախատեսեն իւրաքանչիւր անհատի, որ յարձակում փորձած է, ձեռնարկած կամ գործած պետութեան ղեկավարին, անոր տեղակալին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարներու բարձրագոյն խորհուրդի անդամներէն մէկուն, գահաժառանգներուն, անոնց տեղակալներուն կամ անոնց ընտանիքի անդամներուն դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )