Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Համագործակցութեան Հարցեր

Ալասանիա, Հասանով եւ Եըլմազ

Ալասանիա, Հասանով եւ Եըլմազ

«Նովոսթի-Կրուզիա» գործակալութիւնը` յղում կատարելով Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիան մասնակցած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ եռակողմ հանդիպումին, որ տեղի ունեցած է Նախիջեւանի մէջ:

Իրաքլի Ալասանիա, Զաքիր Հասանով եւ Իսմեթ Եըլմազ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են պաշտպանութեան մարզին մէջ եռակողմ համագործակցութեան հեռանկարները եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ամրապնդման եղանակները:

Նախարարները ընդգծած են, որ խոր համագործակցութիւնը Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ կ՛ուղղուի ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան:

«Վրաստանի բախտը բերած է, որ այնպիսի լաւ դրացիներ եւ ռազմավարական գործընկերներ ունի, ինչպիսիք են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը: Շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն եւ ապահովութեան վտանգներու ենթահողին վրայ մենք աւելի սերտ համագործակցութիւն պէտք է ծաւալենք», յայտարարած է վրացի նախարարը:

Ըստ Ալասանիայի, երեք երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը պաշտպանութեան մարզին մէջ ուղղուած է միայն շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման եւ հիմնուած է ազգային շահերուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES