«Խալիժ» Օրաթերթը Կը Գրէ. Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնը Կը Հսկէ ՏԱՀԵՇ-ի Գործունէութեան
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթը կը գրէ, որ գաղտնի սպասարկութիւններու բոլոր զեկուցումները, մամլոյ տեղեկութիւններն ու գետնին վրայ գոյութիւն ունեցող տուեալները կը հաստատեն, որ ՏԱՀԵՇ-ի նման ահաբեկչական եւ հաւատադրժողական խմբաւորումները թրքական հողամասերը կ՛օգտագործեն իբրեւ աշխարհի չորս կողմերէն եկած վարձկաններու հաւաքավայր, կազմակերպման վայր եւ ապաստանարան` առ ի պատրաստութիւն Սուրիա եւ Իրաք մուտք գործելու, եւ այս բոլորը` թրքական գաղտնի սպասարկութեան հսկողութեան տակ:
Օրաթերթը կը գրէ, որ թրքական իշխանութիւնները արաբական պետութիւնները քանդելու խափանարարական բացայայտ դերակատարութիւն կը կատարեն. անոնք սահմանակից երկիրներուն մէջ ուղղակի միջամտութիւն կը կատարեն, իսկ հեռաւոր արաբական երկիրներու հարցերուն միջամտելու համար կ՛օգտագործեն քաղաքական իսլամութեան խմբաւորումները, որոնց ղեկավարն է Իսլամ եղբայրներու միջազգային կազմակերպութիւնը:
Օրաթերթը կը նշէ, որ այս երեւոյթը արաբական պետութիւններէն կեցուածք մը կը պահանջէ, որովհետեւ այդ երկիրները իսկական վտանգի տակ են:
Օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր քոյր կազմակերպութեանց դէմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2170 բանաձեւը պէտք է նկատի ունենայ Թուրքիոյ նենգ դերակատարութիւնը, եթէ առնչակից երկիրները ահաբեկչութեան եւ անոր հետեւորդներուն դէմ պայքարին նկատմամբ լուրջ են:

