Տաւութօղլու Պաշտօնապէս Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Ատենապետի Եւ Երկրի Վարչապետի Պաշտօնին Թեկնածու Առաջադրուեցաւ

Տաւութօղլու եւ Էրտողան

Տաւութօղլու եւ Էրտողան

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր խորհուրդը նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Անգարայի մէջ իր գումարած ժողովին ընթացքին պաշտօնապէս Ահմեթ Տաւութօղլուն առաջադրեց իբրեւ վարչապետի եւ կուսակցութեան ատենապետի պաշտօնին թեկնածու:

Կը նախատեսուի, որ կուսակցութիւնը 27 օգոստոսին գումարուելիք արտակարգ ժողովին ընթացքին Տաւութօղլուն ընտրէ կուսակցութեան ատենապետ, իսկ սեպտեմբերի սկիզբը Թուրքիոյ խորհրդարանը զինք հաստատէ իբրեւ վարչապետ:

Տաւութօղլու իբրեւ թեկնածու առաջադրուելէ ետք իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Մեր նախագահը մեր ղեկավարն է»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )