Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումին Զոհերուն Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

0821_GazaԿազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին զոհերուն թիւը երէկ բարձրանալով հասաւ շուրջ 2055-ի, որոնցմէ 7-ն երէկ արձանագրուեցաւ, երբ Քլեպ ընտանիքի անդամները զոհ գացին իրենց բնակարանը թիրախ դարձնող իսրայէլեան օդուժի իրերայաջորդ եօթը յարձակումներու: 35 ուրիշներ, որոնց մեծամասնութիւնը` կիներ եւ մանուկներ, Ռաֆահի քաղաքի արեւմտեան մասին մէջ վիրաւորուեցան:

Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, պաղեստինեան դիմադրութիւնը հակադարձած է` Իսրայէլի ուղղութեամբ աւելի քան 200 հրթիռներ արձակելով:

Պաղեստինեան հրթիռները երէկ նախապէս իրենց հարուածած թիրախներուն կողքին նաեւ աշխարհագրական նոր վայրեր հարուածեցին: Պաղեստինեան հրթիռներ ինկան Թել Աւիւի, Պիր Սապահի, Ղոշ Տանի, Աշքելոնի, Աշքոլի, Աստոտի, Ղիլաֆի եւ Պեն Կորիոն օդակայանին վրայ, սակայն նաեւ առաջին անգամ ըլլալով Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ ռմբակոծած են Կազայի ծովափին մօտ գտնուող բնական կազի իսրայէլեան հարթակ մը:

Համաս յայտարարեց, որ երէկ արշալոյսին Ռաֆահի դէմ կատարուած իսրայէլեան օդային հարուածի մը զոհ գացած են իր ղեկավարներէն երեքը` Մոհամետ Ապու Շմալան, Ռահետ Աթթարը եւ Մոհամետ Պարհումը:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ չորեքշաբթի օր փորձած էր սպաննել Քասսամի փաղանգներու հրամանատար Մոհամետ Տէյֆը: Յարձակումին զոհ գացին անոր կինն ու զաւակը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )