Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հոլովոյթը կ՛արգիլէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, իսկ նախագահական ընտրութիւն չկատարելու պարագային խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը իրականութիւն կը դառնայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի տասը երեսփոխաններ առաջարկեցին սահմանադրութեան բարեփոխումի օրինագիծ մը, որպէսզի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ուղղակի ժողովուրդին կողմէ կատարուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի կոչ ուղղեց ուղղակի ժողովուրդին քուէարկութեամբ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու. ան հաստատեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով գոյացած համախոհութիւնը չի նշանակեր, թէ անիկա ժողովրդավարական քայլ մըն է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպումի մը գծով ոչ մէկ արգելք ունին:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպումը առանձինն չի կրնար նախագահական ընտրութեան տագնապը լուծել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ներքին հարցերու ներկայացուցիչ Հատի Ապու Հասան ընդգծեց, որ առանց երկխօսութեան կարելի չէ լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքը ամրապնդել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս հաստատեց, որ պէտք է նախագահական ընտրութիւն կատարել` կանոնաւորելու համար լիբանանեան հաստատութիւններուն աշխատանքները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին ներկայացուցած առաջարկը ազգային համերաշխութեան իսկական թարգմանութիւնն է:

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին մասին իր վերջնական որոշումը մետասաներորդ պահուն պիտի տայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ականութիւնը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մշակած քաղաքականութիւնն է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Անթուան Սաատ կոչ ուղղեց համաձայնութիւն մը գոյացնելու խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը միայն վեց ամիսով երկարաձգելու մասին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ որեւէ երկխօսութիւն պայմանաւորուած պիտի ըլլայ Սուրիայէն Հըզպալլայի մարտիկներուն նահանջով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին երեսփոխանական ընտրութիւններուն, հակառակ անոր որ իրենք համոզուած չեն 1960-ի ընտրական օրէնքով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի արեւմտեան երկրի մը դեսպանին հետ ունեցած իր երկխօսութեան ընթացքին հերքած է Թրիփոլիի մէջ ծայրայեղական խմբաւորումներու գոյութիւնը:

ՄԱՐՏ 14-ի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հաստատեցին, որ այս հանգրուանին Լիբանանը շրջանային զարգացումներէն չէզոք պահելը առաջնահերթութիւն է:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի շեշտեց, որ Արսալի քաղաքապետութիւնը մարդասիրական ոչ մէկ աշխատանք պիտի մերժէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին վերաբերող քուէարկութեան պարագային իրենք դէմ պիտի քուէարկեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Արսալի մէջ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու նպատակով ընթացող բանակցութիւնները դժուար են, սակայն կը շարունակուին, իսկ Հըզպալլա կը տիրէ Թուֆէյլ գիւղաքաղաքին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասր շեշտեց, որ Լիբանան արտաքին եւ ներքին իմաստով վտանգի ենթարկուած է: Ան ողջունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հանդիպելու պատրաստակամութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին մօտիկ հոգեւորականներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ՏԱՀԵՇ բոլորին թշնամին է, ըլլան անոնք սիւննի, շիի, տիւրզի թէ քրիստոնեայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ կառավարութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն գնդակը նետած է խորհրդարանի դաշտը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետը ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու հրամանագիրը ստորագրած է` իր վրայէն պատասխանատուութիւնը մէկ կողմ նետելու համար:

ԱՐԵՒԵԼՔԻ քրիստոնեաներուն համախմբումը խստիւ դատապարտեց Արսալի դէմ գործուած ահաբեկչական յարձակումը եւ պահանջեց առեւանգուած զինուորներուն անյապաղ ազատ արձակումը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ պէտք է հաշուետուութեան կանչել լիբանանեան բանակին դէմ կրակ բացողները:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց տիւրզի համայնքին կառչած մնալու ազգային աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն ու գրգռութիւններու դռներ չբանալու:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ վարձքերու նոր օրէնքը մօտիկ ապագային գործադրութեան պիտի դրուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Թրիփոլի պիտի պահանջէ եւ տէր պիտի կանգնի ելեկտրական հոսանք ստանալու իր արդար իրաւունքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի եւ Ժամաա Իսլամիէի պատասխանատուները երէկ հանդիպումի մը ընթացքին հաստատեցին ազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանին ընթացքին:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ արաբ ազգը իր ներկայով, անցեալով եւ ապագայով թիրախ է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )