Հըզպալլա Կը Դատապարտէ Ամերիկացի Լրագրողին Վայրագ Սպանութիւնը
Հըզպալլա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց ամերիկացի լրագրող Ճէյմս Ֆոլիի վայրագ սպանութիւնը:
Հըզպալլա հաստատեց, որ ահաբեկչական այս խմբաւորումներուն ֆինանսաւորումը, զինումը եւ անոնց քաղաքական եւ տեղեկատուական ապահովութիւն ընծայելն ու Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլուր անոնց կատարած ահաւոր ոճիրներուն մասին լուռ մնալու քաղաքականութիւնը հիմնական պատճառներն էին բոլորին դէմ անխտիր գործուող այդ քստմնելի սպանութիւններուն ահաւոր ընթացքին:
CATEGORIES Լիբանանեան

