«Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Ժամանակաւոր Երկարաձգումին Համաձայն Եմ` Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Նախապայմանով» Շեշտեց Ժոմպլաթ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ռոժէ Տիպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամանակաւոր` շուրջ մէկ տարուան երկարաձգումին` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նախապայմանով:
Ան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը կարելի է լուծել մարոնի ղեկավարութիւններուն կողմէ` մաղթելով, որ անոնք անցեալի փորձառութիւններէն դասեր քաղեն եւ յանգին լուծումի մը:
CATEGORIES Լիբանանեան

