Միքաթի Կոչ Ուղղեց Արագացնելու Նախագահական Ընտրութիւնը

0821mikatiՆախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կոչ ուղղեց բանիւ եւ գործով ամրապնդելու երկրին միասնականութիւնը, որովհետեւ անիկա է երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանող փրկութեան լաստը:

Միքաթի կոչ ուղղեց նաեւ աշխուժացնելու երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ արագացնելու նախագահական ընտրութիւնը` լուծել կարենալու համար Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական թղթածրարները:

Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումին Ա. տարելիցին առիթով Միքաթի հաստատեց, որ իրենց գրաւը Թրիփոլիի ազգային համերաշխութեան վրայ ճիշդ դուրս եկած է` աւելցնելով, որ սադրանքները ոչ մէկ ձեւով կրցած են Թրիփոլիի մէջ ազգային գոյակցութիւնը հարուածել:

Միւս կողմէ, Տահր էլ Այնի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին վեց յանցագործներ, որոնք ամբաստանուած են Թրիփոլիի մէջ Միքաթիի գրասենեակները քանդելու յանցանքով: Ներքին ապահովութեան ուժերը գրաւեցին յանցագործներուն մօտ գտնուած թմրեցուցիչ դեղահատեր:

 

Share this Article
CATEGORIES