Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Մերժեց Աշխատավարձի Յաւելումներու Թղթածրարին Անտեսումը Եւ Վկայագիրներու Յանձնումը
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, տնտեսութեան նախարարութեան դիմաց կատարեց բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին մերժեց աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին անտեսումը եւ պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց կատարելու իրենց խոստումը:
Պետական պաշտօնեաներու լիկայի նախագահ Մահմուտ Հայտար յայտնեց, որ պետական քննութիւններուն ներկայացող աշակերտներուն վկայագիրներու յանձնումը կը միտի Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը եւ անոր ջանքերը հարուածել:
Հայտար հաստատեց, որ խորհուրդը կառչած կը մնայ իր հետապնդած իրաւունքներուն եւ պիտի շարունակէ պահանջել զանոնք:
Իր կարգին, խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ հաստատեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը փաստած է, թէ ինք անկախ է` աւելցնելով, որ սենտիքայական ազատութեան դէմ հարուած հասցնելը քաղաքական իշխանութիւններուն փափաքն է:
Ղարիպ մերժեց կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի կողմէ տրուած վկայագիրները` հաստատելով, որ ան առանձինն պատասխանատու է այդ որոշումին, եւ խորհուրդը օրինական միջոցներով պիտի պայքարի այդ վկայագիրներուն դրութիւնը չեղեալ նկատելու:
Նշենք, որ կարգ մը նախարարութիւններու եւ պետական հաստատութիւններու մէջ պետական պաշտօնեաները գործադրեցին ընդհանուր գործադուլ մը` ընդառաջելով Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի որոշումին:

