Կառավարութիւնը Անօրինական Սուրիացի Ապաստանեալներուն Արտօնեց Սուրիա Վերադառնալ` Առանց Տուրքեր Վճարելու

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 58 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Կառավարութեան նիստին նախագահեց վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ հաստատեց նախագահական ընտրութիւնը կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որմէ կախեալ է նաեւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքներուն աշխուժացումը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ելեւմուտքի եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետարաններու հարցերու նախարարութիւններուն պարտականութիւն տուած է Նաամէի աղբանոցին շրջակայքը գտնուող քաղաքապետարաններուն իրաւունքները շնորհելու, ինչպէս նաեւ անոնց դիւրութիւններ ընծայելու եւ վերջին ամսուան նիւթական իրենց պարտաւորութիւններէն զանոնք զանց կացուցելու:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի անօրինական ապաստանեալները առանց տուրքեր վճարելու վերադառնան Սուրիա: Այս որոշումը ի զօրու պիտի մնայ երեք ամսուան համար:

Տեղեկատուութեան նախարարը նշեց, որ կառավարութիւնը երէկուան իր նիստին ընթացքին կազմեց նաեւ նախարարական յանձնախումբ մը` գլխաւորութեամբ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի: Յանձնախումբին մաս պիտի կազմեն երկրագործութեան, ելեւմուտքի, կենսոլորտի, կրթութեան, ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարարները, որոնք պիտի քննարկեն աղբերու հարցին լուծման անցումային ծրագիրը:

Ժրէյժ յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը որոշեց նաեւ, որ պետական պիւտճէէն գումարներ տրամադրուին նախարարաց խորհուրդին եւ կարգ մը նախարարութիւններու:

Share this Article
CATEGORIES