Վրաստանի Վարչապետը Հայաստան Այցելեց

0821_Hovig-_Irakli-PCՎրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ երէկ հասաւ Երեւան:  Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Վրաստանի իր պաշտօնակիցը դիմաւորեց «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ: Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները ողջունեցին երկու երկիրներու կառավարութիւններու անդամները եւ ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:   Յովիկ Աբրահամեան եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի  ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին եւ ծաղիկներ` անմար կրակին մօտ, յարգանքի տուրք մատուցելով Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին:   Իրաքլի Ղարիպաշվիլի ապա եղեւնի տնկեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի Յիշողութեան պուրակին մէջ:

Ղարիպաշվիլիի ղեկավարած պատուիրակութեան կազմին մէջն են Վրաստանի արտաքին գործոց, տնտեսութեան եւ ուժանիւթի նախարարները, Վրաստանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Ռուսլան Պօղոսեան, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Նինօ Կոպաղիծէ եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման եւ անվտանգութեան վարչութեան ղեկավար Մինտիա Ճանալիծէ:

Յովիկ Աբրահամեան եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի   նախ դռնփակ հանդիպում մը ունեցան, ապա քննարկումը շարունակուեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններու ներկայացուցիչներու ընդլայնուած կազմով: Կառավարական պատուիրակութիւններու հանդիպումէն  ետք, բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին Աբրահամեան եւ Ղարիպաշվիլի տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:

«Հայաստանի կառավարութեան պատուիրակութիւնը Վրաստանի պատուիրակութեան հետ քննարկեց միացեալ սահմանի սահմանային անցակէտերու հարցը»: Այս մասին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին  լրագրողներուն յայտնեց վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:

«Հայաստան կը ցանկայ հայ-վրացական սահմանի կամուրջը անուանել Բարեկամութեան կամուրջ», յայտարարեց վարչապետը, ըստ որուն Բագրատաշէն-Սատախլու անցման նոր սահմանամերձ կամուրջը կը նախատեսուի անուանել հայ-վրացական բարեկամութեան կամուրջ: Նոր կամուրջը կը կառուցուի Վրաստանի սահմանին հայկական անցակէտերու արդիականացման ծրագիրին ծիրին մէջ:

Վարչապետը նաեւ ըսաւ, որ քննարկման այլ հարց դարձած է վրացական-ռուսական Վերին Լարս-Կազպեկ սահմանային անցակէտին կապուած իրավիճակը, ուր չորեքշաբթի գիշեր փլուզում տեղի ունեցած է: «Մենք մեր վրացի գործընկերներուն առաջարկեցինք մեր օգնութիւնը` հետեւանքները վերացնելու գործին մէջ», յայտարարեց Աբրահամեան:

Նշենք, որ Հայաստանի փոխադրամիջոցներու փոխնախարար Արթուր Առաքելեան նախապէս յայտնած էր, որ ճամբան առ այժմ փակ է: Խնդիրներ ծագած էին «Հիւսիսային Կովկաս-Անդրկովկաս» կազատարի հետ, որուն միջոցով ռուսական կազը Հայաստան կը մտնէ:

«Վերին Լարս-Կազպեկ սահմանային անցակէտին մօտ գտնուող կազատարի գործարկումը կը նախատեսուի, որ վերսկսի 2-3 օրէն», իր կարգին յայտարարեց Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի: Ան աւելցուց. «Մենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին հետ քննարկեցինք գիշերը մայրուղիին վրայ տեղի ունեցած սահանքին հետեւանքները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցինք վերականգնելու կազի մատակարարումը 2-3 օրուան ընթացքին»:

«2014 թուականի առաջին կիսամեակին Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը աճած է  42 առ հարիւրով, եւ դրական զարգացում կը նկատուի զբօսաշրջական այցելութիւններու մարզին մէջ: Այս բոլորը կը խօսին այն մասին, որ մեր երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները կը զարգանան, եւ մենք, անշուշտ, կ՛աջակցինք այդ միտումին: Մեր այցելութիւնը բարեկամական Հայաստան ճիշդ այդ նպատակին կը ծառայէ», յայտարարեց Ղարիպաշվիլի:

Ան Յովիկ Աբրահամեանին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ուրախութիւն յայտնեց Հայաստան այցելութեան կապակցութեամբ: «Վրաստան Հայաստանին  կապուած է բազմադարեան բարի դրացիական կապերով», հաստատեց Ղարիպաշվիլի, որ նաեւ նշեց երկկողմանի կապերու աշխուժացման կարեւորութիւնը ոչ միայն բարձր մակարդակով, այլեւ` միջնախարարական:

Իրաքլի Ղարիպաշվիլի  երէկ նաեւ այցելեց Մատենադարան եւ Երեւանի քոնեաքի գործարան: Երեկոյեան ի պատիւ անոր կազմակերպուեցաւ պաշտօնական ընթրիք:

Այսօր նախատեսուած են Ղարիպաշվիլիի հանդիպումները Հայաստանի նախագահին  եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ:

Ընդհատուած Է Հայաստանի
Կազի Մատակարարումը

0821_gas-supplyՎրաստանի վարչապետին  Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան օրը Վրաստանի տարածքին մէջ սահանքի պատճառով ընդհատուած է Ռուսիայէն  Հայաստան կազի մատակարարումը:

Չորեքշաբթի գիշեր Վրաստանի արտակարգ իրավիճակներու բաժանմունքը հաղորդած է, որ Թարեալի կիրճին մէջ Ստեփանծմինտա-Լարս ճամբու հատուածին մէջ սահանք պատահած է: Ճամբան փակ է, կազատարը վնասուած է: Կէս գիշերին մօտ ընդհատուած  է Հայաստանի կազի մատակարարումը:

Սահանքին պատճառով երկու մարդ անհետացած է, անոնք այդ պահուն գետնուղիին մէջ մաքրութեան աշխատանք կը կատարէին:

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի հրապարակած է յատուկ յայտարարութիւն մը: Ան ցաւ յայտնած է, որ չի կրնար այցելել աղէտի վայր, որովհետեւ պաշտօնական  այցելութեամբ  Հայաստան կը մեկնի, սակայն նշած է, որ մնայուն կապի մէջ կ՛ըլլայ արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան ղեկավարութեան հետ:

Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլի մեկնած է աղէտի վայր` ծանօթանալու իրավիճակին եւ տարուող աշխատանքներուն:

Շրջանային զարգացման եւ ենթակառոյցներու  նախարարութիւնը հաղորդած  է, որ սահանքը յառաջացած է առատ անձրեւներու պատճառով:

«Կազփրոմ-Արմենի» ընկերութիւնը  տեղեկացուցած է, որ պահեստի կազով առանց սահմանափակումներու կը շարունակէ կազի մատակարարումը Հայաստանի սպառողներուն:

«Հիւսիս-Հարաւ» հիմնական կազատարը, որուն միջոցով Հայաստան Ռուսիայէն կազ կը ստանայ, կառուցուած է 1970-ական թուականներուն: Հայաստան առաքուող կազին 10 առ հարիւրը Վրաստան կը ստանայ իբրեւ տարանցիկ երկիր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES