Հայաստանի Կառավարութիւնը Իրաքի Եզիտիներուն Աջակցելու Համար Կը Տրամադրէ 100 Հազար Տոլար

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով արտաքին գործոց  նախարարութեան պիտի փոխանցուի 100 հազար ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամ` Իրաքի մէջ  ներքաղաքական բախումներու պատճառով տուժած եւ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած եզիտիներուն օգնութիւն տրամադրելու նպատակով:

Այս մասին երէկ կառավարութեան նիստին որոշման նախագիծ ներկայացուց արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:

Գումարը պիտի տրամադրուի Հայաստանի Հանրապետութեան 2014 թուականի պետական պիւտճէով նախատեսուած կառավարութեան պահեստի ֆոնտին հաշուոյն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )