Ամբարտակի Կառուցումէն Ետք Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող Հայկական Կարգ Մը Գիւղեր Ջուրի Տակ Պիտի Մնան
«Հայ Թերթ» կը գրէ, որ Սասուն գաւառին մէջ գտնուող հին հայկական գիւղերն ու այլ պատմական բլուրներ Ըլըսու ջրամբարի կառուցումէն ետք ջուրի տակ պիտի մնան:
Այդ գիւղերէն ոմանք հին բնակավայրեր են, որոնց շարքին կան հայկական, եզիտիական, ասորական գիւղեր, որոնք հիմա աղբավայրեր կը յիշեցնեն: Անոնք պիտի անհետանան ամբարտակի կառուցումէն ետք:
Հայկական գիւղերէն մէկը կը գտնուի Կարզան գետէն շուրջ 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ այժմ կ՛օգտագործուի իբրեւ բամպակի դաշտ:
Այլ հայկական գիւղ մըն է Տերտեւինը: Այստեղ տակաւին 40-45 տարի առաջ մարդիկ բնակած են: Հին հայկական գիւղէն այժմ ոչինչ մնացած է: Գիւղը իր անուանումը ստացած է շրջանին մէջ գտնուող եկեղեցիէն, որմէ այժմ ոչ մէկ հետք մնացած է:
Հայերու հեռացումէն ետք գիւղը քոչուորներուն մնացած է:
CATEGORIES Հայկական

