Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը ունի զանազան հարցեր` մէկը միւսէն անկախ: Եթէ ըլլաք արթնամիտ եւ քիչ մըն ալ ձեռներէց, դիւրութեամբ կրնաք շրջանցել հարցերը եւ յաջողիլ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անտարբեր մի՛ մնաք ձեր մէկ աշխատանքը ճիշդ օրին աւարտելու: Կարեւոր արդիւնքի մը կրնաք յանգիլ, եթէ ուշացումի պատճառ չըլլաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր զաւակներուն կրթական խնդիրները լուծելու պարտաւորուած էք: Օրուան ընթացքին պէտք եղած հանդիպումները կատարեցէք, որպէսզի դասաւորէք աննպաստ պայմանները` նիւթական թէ բարոյական իմաստով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ արձակուրդի մէջ էք, ըրէք այնպէս, որ բոլորովին անջատուած մնաք ձեր առօրեայ տաղտուկներէն: Նոյնիսկ հեռաձայնը անջատեցէք: Խօսքի օրը չէ, այլ` կատարեալ հանգիստի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ձեր ծրագիրները չեն ներդաշնակուիր ձեր ընտանիքին անդամներուն հետ, ոչինչ ստիպեցէք, այլ լռութեամբ սպասեցէք նոր օրուան մը թելադրանքին, որ իմաստութիւնն իսկ է: Շուտով մի՛ յուսալքուիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Արուեստի աշխարհը ձեզ պիտի հետաքրքրէ: Այս կապակցութեամբ ստեղծագործելու փափաքը պիտի զօրանայ ձեր մէջ, պիտի արտայայտէք ձեր ներաշխարհին մէջ եղածները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անձնական խնդիրները անպայման ձեր փափաքով չեն լուծուիր: Ժամանակ գործօնը մեծ դեր ունի այս կապակցութեամբ, հետեւաբար համբերեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հաւաքական հանդիպումի մը ընթացքին ձեր կեցուածքը օրինակելի է եւ ձեր միտքերը` ուսանելի: Պիտի ուրախանաք ձեր յաջողութեամբ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ծնողք էք, ունիք կրկնակի պարտականութիւն: Հսկել ձեր զաւակներուն գործունէութեան, որպէսզի անոնք դաստիարակուին բնական կերպով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բախտը կրնայ ժպտիլ ձեզի այսօր, հոգ չէ փոքր նուէրով մը: Վիճակահանութեան մը մասնակցեցէք, կարելիութիւն մը կրնաք ունենալու շահելու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ծովուն բարիքէն օգտուեցէք, որովհետեւ իւրաքանչիւր եղանակ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ապրող էակներու առողջութեան վրայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անհաճոյ լուր մը, քիչ մը պիտի խանգարէ ձեր բնական կեանքը: Հարցը ծանրակշիռ չէ, հետեւաբար կրնաք հանգստանալ առանց վնասի:

