Թենիս. Աւստրալիացի Պրետլի Մոզլի Մէկ Տարիով Կախակայուեցաւ
«Էսոշիէյթըտ փրես» լրատու գործակալութիւնը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ յայտնեց, որ աւստրալիացի լաւագոյն երիտասարդ թենիս խաղացող Պրետլի Մոզլի մէկ տարիով կախակայուեցաւ Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ` թմրեցուցիչ գործածած ըլլալուն պատճառով:
Ան խոստովանեցաւ, որ թմրեցուցիչ գործածած է իր ընկերոջ ծննդեան տարեդարձին օրը: Թմրեցուցիչը գործածելէն 2 օր ետք, նախքան մրցաշարքի մը սկսիլը, 18 տարեկան Մոզլիի վրայ կատարուած տոփինկի արդիւնքին պատասխանը տուած է դրական արդիւնք:
Սկիզբը կը կարծուէր, որ ան 2 տարիով պիտի կախակայուի: Սակայն նկատի ունենալով, որ ան այդ թմրեցուցիչը չէ գործածած մարզական միջոցառումի մը գծով լաւ արդիւնք արձանագրելու համար, անոր պատիժը մնաց մէկ տարի:
Նշենք, որ պատանիներու դասաւորման մէջ ան կը գրաւէ 17-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

