Երկարատեւ Ընդմիջումէ Ետք. Զաւէն Պատոյեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական հրաւիրուեցաւ Պիելոռուսիոյ մէջ հանդէս եկող հայրենի միջնապահ Զաւէն Պատոյեան, որ ներկայիս ելոյթ կ՛ունենայ Կոմելի հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ Լաթվիոյ եւ Դանիոյ դէմ տեղի ունենալիք յառաջիկայ մրցումներուն նախապատրաստուելու համար նկատի առաւ նաեւ Պատոյեանը:
Իր խօսքին մէջ Պատոյեան ըսաւ. «Ուրախացայ, երբ տեղեակ եղայ, որ հաւաքականէն հրաւէր ստացայ: Այժմ առիթը ունիմ ունեցած յատկութիւններս օգտագործելու` ի շահ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային կազմին, անոր հետ արձանագրելով փայլուն եւ տպաւորիչ արդիւնքներ: Յոյսով եմ, որ երբ փորձերու սկսիմ, աւելի մօտէն կը ծանօթանամ մարզիչին հետ»:
CATEGORIES Մարզական

